Վերջերս, Սուրիոյ Հասեքէ նահանգի Միշերֆէ թաղին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող ձեռնարկ մը կազմակերպուած է տեղւոյն հայ համայնքի խորհուրդի եւ հայ կիներու միութեան կողմէ։ Մասնակցած են հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հարիւրաւոր հանդիսականներ։
Հայ համայնքի խորհուրդի համանախագահ Իմատ Տէրտէրեան իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է. “Մենք՝ Սուրիոյ հիւսիսային եւ արեւելեան շրջաններու Հայոց ցեղասպանութեան ժառանգներն ենք եւ կը փորձենք կենդանի պահել մեր մշակոյթը, զոր թշնամին ուզած է ջնջել: Յարձակողապաշտ թրքական պետութիւնը թող իմանայ, որ մենք կանք եւ պիտի ըլլանք: Ո՛չ ոք կրնայ մեզ ոչնչացնել: Մեզի ցաւ կը պատճառէ բռնագրաւող Թուրքիոյ կողմէ մեր հողերուն նկատմամբ գործադրուած յարձակումները: Սակայն կը հաւատանք ժողովուրդներու միասնականութեան եւ պիտի պայքարինք բոլոր զաւթիչներուն դէմ”:
Այնուհետեւ ցուցադրուած է ցեղասպանութեան մասին պատմող ժապաւէն մը, որուն յաջորդած է «Աղօթէ՛ մեզի համար» բեմադրութիւնը եւ «Արցախ» պարային համոյթին ելոյթը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։