Դեկտեմբեր 26-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցած է Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) պետութիւններու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական համաժողովին: Նախ տեղի ունեցած է հանդիպման մասնակիցներու լուսանկարումի արարողութիւնը, այնուհետեւ ներկաները ողջունած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Հանդիպումին քննարկուած են ԱՊՀ-ի երկիրներու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Մինչ այդ ղեկավարները այցելած են «Փաւլովսք» պետական գեղարուեստա-ճարտարապետական թանգարան, Եկատերինեան պալատ, Փեթերկոֆի պալատներու ու պարտէզներու համալիր եւ ծանօթացած պատմական ցուցանմուշներուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։