Search
Close this search box.

Վահան Կոստանեան միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ալիեւի յայտարարութեան վրայ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան հակազդած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ «Եւրոնիուզ»-ին տուած հարցազրոյցին կատարած՝ «պատերազմին յաղթելը իմ կեանքի, իմ քաղաքական առաքելութիւնն էր…» յայտարարութիւնը։

«Նշեալ յայտարարութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս անպատժելիութիւնը կանաչ լոյս կը վառէ նոր ոճրագործութիւններու համար։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է անյապաղ միջոցներու ձեռնարկէ՝ Արցախի ցեղային զտումը կանխելու համար»,– X-ի իր հաշիւին գրած է Կոստանեան։