Search
Close this search box.

Վարչապետը ընդունած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ եղծանման դէմ պայքարը համակարգողը

Յունուար 15-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ եղծանման դէմ պայքարը համակարգող Ռիչըրտ Նեֆիուն:  

Վարչապետը ընդգծած է եղծանման դէմ պայքարի եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ԱՄՆ-ու վարչակազմին հետ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: 

Իր կարգին ամերիկացի դիւանագէտը նշած է, որ ԱՄՆ-ու վարչակազմը պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան՝ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, արդարադատութեան բնագաւառի բարեփոխումներու իրականացման եւ եղծանման դէմ պայքարի գործին մէջ։ “ԱՄՆ բարձր կը գնահատէ վերոնշեալ ուղղութիւններով Հայաստանի վարած քաղաքականութիւնը եւ իրագործած քայլերը”,– ըսած է Նեֆիու։

Տեսակցութեան ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ թուայնացման հարթակին վրայ հասարակաց ծրագրերու իրագործման վերաբերող հարցեր: