Յունիս 7-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները՝ ատենապետ Միքայէլ Խարապեանի (Գանատա) գլխաւորութեամբ:
Ան բարձր գնահատած է ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն կապը հայրենիքի հետ եւ աջակցութիւնը՝ կառավարութեան քաղաքականութեան, ընդգծելով թէ իր նպատակն է Հայաստանի ինքնիշխանութեան ամրապնդումն ու պետականութեան յարատեւութեան ապահովումը: Վարչապետը կարեւոր համարած է նաեւ ՌԱԿ-ի հետ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկած են արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ծրագրերուն վերաբերող հարցեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։