Search
Close this search box.

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ պետական դէմքեր Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Ապրիլ 24-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։

Ան ծաղկեպսակ դրած է յուշակոթողին եւ ծաղիկներ զետեղած ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ: