Յունիս 1-ին, Նիկոլ Փաշինեանի տարեդարձին առթիւ նախագահ Մաքրոն հեռաձայնած է անոր, իր շնորհաւորութիւնները յայտնելու համար։
Վարչապետը նախագահ Մաքրոնին շնորհակալութիւն յայտնած է շնորհաւորանքին ու բարեմաղթանքներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու զարգացման մէջ իր ունեցած բացառիկ ներդրումին համար:
Նոյն օրը, նախապէս Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որ փափաքած է նոյնպէս շնորհաւորել Հայաստանի վարչապետին տարեդարձը։
Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է հեղեղի ու ողողումներու հետեւանքով Լոռիի մարզին մէջ աւերուած երկաթուղային հատուածները ըստ կարելւոյն արագ վերականգնելու՝ Ռուսական երկաթուղիի պատասխանատուներուն տրուած յանձնարարականին համար: Հայ-ռուսական լարուած յարաբերութիւններու պայմաններուն մէջ այնքան ալ անտես առնուելիք երեւոյթ մը պէտք չէ համարել այս մէկը։
Սակայն ամէնէն հետաքրքրականն ու ուշագրաւը Փաշինեանի՝ Լուքաշենքոյէն ստացած շնորհաւորական տողերն են։
Պելառուսի նախագահը այս առիթով Հայաստանի վարչապետին յղած պատգամին մէջ կոչ ըրած է սերտացնելու երկկողմ կապերը։
Եւ Լուքաշենքօ, որ ՀԱՊԿ-ի, ԵԱՏՄ-ի համաժողովներուն միշտ ալ անթաքոյց արհամարհական մօտեցում ցուցաբերած է Հայաստանի ու մա՛նաւանդ անոր վարչապետին նկատմամբ, գնահատականի վերատեսութեան ո՜վ գիտէ ի՛նչ մղում(ներ)ով ու անակնկալ շրջադարձով մը գրած է.
«Դուք փորձառու քաղաքական գործիչ էք եւ ձեր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին միշտ ունեցած էք այն համոզումը, որ միջազգային յարաբերութիւններու ամենաճշգրիտ կողմնացոյցը ժողովրդական դիւանագիտութիւնն է։ Ան մեզի անսխալ կերպով ցոյց կու տայ, որ ճշմարիտ ուղենիշը յարաբերութիւններու սերտացումն ու համագործակցութիւնն է։ …Ես կ՚ակնկալեմ, որ հարցերու բաւական լայն շրջանակի նուիրուած կառուցողական երկխօսութիւնը մենք պիտի շարունակենք թէ՛ երկկողմ ձեւաչափով, թէ՛ ալ միջազգային հարթակներու վրայ»։
Փութինի ու Լուքաշենքոյի միաժամանակ այս «ջերմ» մօտեցումը նախակարապե՞տ մը պէտք է համարել հետաքրքրական նոր զարգացումներու…։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։