Սեպտեմբեր 8-ին եւ 9-ին վարչապետ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ֆրանսայի եւ Իրանի նախագահներ՝ Էմանիւէլ Մաքրոնի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի, Գերմանիոյ եւ Վրաստանի վարչապետեր՝ Օլաֆ Շոլցի եւ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի եւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։
Քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Կողմերը մասնաւորապէս անդրադարձած են Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման հետևանքով Արցախի մէջ խորացող մարդասիրական ճգնաժամին, Արցախի շուրջ ազերպայճանական զօրքերու կուտակման, Հայաստան-Ազերպայճան պետական սահմանին լարումը սաստակացնելու միտումներուն:
Վարչապետը անգամ մը եւս ընդգծած է իր հաւատարմութիւնը 2022 Հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի եւ 2023 Մայիս 14-ին Պրիւսէլի մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն, ինչպէս նաեւ բոլոր հարցերը բացառապէս դիւանագիտական եղանակներով ու շինիչ մթնոլորտի մէջ լուծելու մօտեցումներուն:
Ան պատրաստակամութիւն յայտնած է լարումը մեղմելու ուղղուած հրատապ քննարկումներ ունենալու Ազերպայճանի նախագահին հետ:
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Հայաստանի վարչապետին հետ հեռաձայնային զրոյցին յայտնած է, թէ «տարածաշրջանին մէջ եւ անոր սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն Իրանի համար կարմիր գիծ կը համարուի»։
Սոյն տեղեկութիւնը հաղորդած է Sputnikarmenia-ն՝ յղում ընելով Miranpress-ին։
Ռայիսի ընդգծած է, թէ «3+3» ձեւաչափէն դուրս շփումները, օտարներու հետ համագործակցութիւնը, անոնց հետ ռազմափորձերու մասնակցիլը եւ կասկածելի ճամբորդութիւնները միայն կը բարդացնեն իրավիճակը։
Ան միաժամանակ նշած է, թէ Իրան պատրաստ է օգնելու Հայաստանին եւ Ազերպայճանին՝ առկայ խնդիրները լուծելու հոլովոյթին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։