Search
Close this search box.

Վէճ Սթրազպուրկի մէջ՝ քաղաքապետարանի ճակատէն Իսրայէլի, Հայաստանի եւ Ուքրաինայի դրօշներու վերցուելէն ետք

 

Համասի յարձակումներէն յետոյ Իսրայէլի դրօշը պարզուած էր Սթրազպուրկի քաղաքապետարանի ճակատը։ Քաղաքապետուհի Ժանն Բարսեղեան Հոկտեմբեր 11-ին հրապարակուած իր նամակին մէջ կը նշէ, որ որոշած է վերցնել Իսրայէլի, Ուքրաինայի եւ Հայաստանի դրօշները՝ համարելով, որ անոնք «կը վնասեն [նպատակադրուած] ուղերձի  ընթեռնլիութեան»։ Քաղաքապետարանը փոխարէնը տեղադրած է խաղաղութեան ուղերձ մը, որ ըստ Բարսեղեանի «կը բարձրացնէ մեր արժէքները»:

Քաղաքապետուճին կ՚ըսէ, որ «ուշադիր է իր քաղաքի միաբանութեան եւ միասնութեան նկատմամբ»։ «Սթրազպուրկ՝ եւրոպական մայրաքաղաքը, Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրոպայի խորհուրդի նստավայրը, կը մնայ կողմնացոյց՝ ժողովուրդներու հաշտութեան, ժողովրդավարութեան, օրէնքի պետութեան եւ մարդկային իրաւանց»,- գրած է ան իր նամակին մէջ։

Սթրազպուրկի քաղաքապետուհիին այս որոշումը խորապէս ցնցած է Բարձր-Հռենոս նահանգի հրեայ համայնքի նախագահ Մորիս Տահանը։ “Կը հաստատեմ, որ Իսրայէլի դրօշը, Ուքրաինայի եւ Հայաստանի դրօշներուն հետ միասին, ըստ կեղծ փաստարկներու՝ կը սպանէ եղեր [համայնքներու միջեւ] հաղորդակցութիւնը։ Միթէ՞ ուղերձը յստակ չէր”, ըսած է Մորիս Տահան:

Ընդդիմութիւնն ալ մամլոյ միացեալ հաղորդագրութիւնով մը խստօրէն կը դատապարտէ «անընդունելի որոշումը» եւ կոչ կ՚ընէ քաղաքապետուհիին յետքայլ ընելու։