Search
Close this search box.

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Մայիս Մխիթարեանի ցուցահանդէսը՝ Թիֆլիսի մէջ

Մայիս 11-ին, Թիֆլիսի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ բացումը կատարուած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի նկարիչներու միջազգային ընկերակցութեան անդամ Մայիս Մխիթարեանի ցուցահանդէսին: Ներկայ եղած են Վրաստանի մշակոյթի, մարզանքի եւ երիտասարդութեան նախարար տիկին Թէա Ծուլուկիանի, կեդրոնի հոգեւոր տեսուչ Կիրակոս քահանայ Սիմոնեան, Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Աւետիք Յարութիւնեան, Թիֆլիսի «Պետրոս Ադամեան» թատրոնի գեղարուեստական  ղեկավար Արմէն Բայանդուրեան, «Վրաստան» թերթի խմբագիր Վան Բայբուրթեան, արուեստասէր հասարակութեան ներկայացուցիչներ, վիրահայ  համայնքի  անդամներ:

Ծնունդով թիֆլիսցի, ծանօթ նկարիչ Մայիս Մխիթարեան իր  յաջորդական անհատական ցուցահանդէսը կազմակերպելով Յովհաննէս Թումանեանի տան մէջ, զայն ձօնած է Մեծն լոռեցիի ծննդեան 155-ամեակին եւ անուանակոչած՝  «Կոմիտասի այցը Թումանեանին»:

Նախարարուհին արժեւորած է Մայիս Մխիթարեանի նուիրումը գեղանկարչութեան եւ անքակտելի կապը իր ծննդավայրին հետ, անոր գործունէութիւնը տեղւոյն հայկական թատրոնին մէջ, որու  նորակառոյց շէնքը կը բացուի յառաջիկայ աշնան:  

Մայիս Մխիթարեան տիկին նախարարին նուիրած է  իր կտաւներէն մէկը:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցած է գեղարուեստական ներկայացում մը՝ «Ջեյրան» եւ «Մուշ» պարային համոյթներուն, ջութակահար Եկատերինէ  Սափարեիշվիլիի եւ դաշնակահար Եսայի Աբովեանի  մասնակցութեամբ։