Search
Close this search box.

Վրաստանի թնճուկը կը շարունակուի


Վրաստանի նախագահուհի՝ Սալոմէ Զուրապիշվիլի

 

Նախագահը վեթօ դրած է «Արտասահմանեան գործակալներու» մասին օրինագիծին վրայ

Մայիս 19-ին, Վրաստանի նախագահ Զուրապիշվիլի վեթոյի (մերժելու իրաւունք) ենթարկած է «Արտասահմանեան գործակալներու» մասին աղմկայարոյց օրէնքը, որու դէմ բազմահազարնոց բողոքի ցոյցերը Ապրիլ 15-էն ի վեր կը շարունակուին երկրին մէջ։

Ան յայտարարած է, թէ վիճայարոյց օրէնքը «իր էութեամբ եւ ոգիով ռուսական օրէնք է, որ կը հակասէ մեր Սահմանադրութեան եւ եւրոպական բոլոր չափանիշերուն, հետեւաբար ան խոչընդոտ կը հանդիսանայ մեր՝ դէպի Եւրոպա ճանապարհին»։

Վրաստանի նախագահը կրկին պնդած է՝ իշխող ուժը պէտք է չեղեալ նկատէ օրէնքը։

Հակառակ բողոքի ցոյցերուն եւ Թիֆլիսի միջազգային գործընկերներու կոշտ քննադատութեան ու նախազգուշացումներուն՝ Մայիս 14-ին Վրաստանի խորհրդարանը երրորդ եւ վերջին ընթերցմամբ ընդունած էր նշեալ վիճայարոյց օրէնքը։ «Վրացական երազանք»-ի նախաձեռնութեան հաստատման թեր քուէարկած էին 150 երեսփոխաններէն 84-ը, դէմ՝ 30-ը։