Search
Close this search box.

Վրաստանի խնդրայարոյց օրինագիծը

Ինչի՞ մէջ կը կայանայ օրերէ ի վեր Վրաստանը տակնուվրայ ընող խնդրայարոյց օրինագիծը, որ բողոքի բուռն ցոյցերէն անդին ալ, երկրին խորհրդարանէն ներս մինչեւ իսկ ընդհանուր ծեծկռտուքներու պատճառ դարձած է: 

Նախ նշենք, թէ բոլորովին նորութիւն չէ. առաջին տարբերակը մէկդի դրուած էր 2023 Մարտին Թիֆլիսի մէջ տասնեակ հազարաւորներու բողոքի ցոյցերէն ետք: Սակայն երկրին իշխանութեան գլուխը գտնուող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը այս տարուան Ապրիլի սկիզբը յայտարարեց «Արտասահմանեան գործակալներու» այս օրինագիծին վերադարձը։

Նշեալ օրինագիծը ներշնչուած է ռուսական օրէնքէն, զոր Քրեմլին տարիներէ ի վեր կ՚օգտագործէ այլախոհներու «ձայներ»-ը հետապնդելու համար: Վրաստան տարիներէ ի վեր կը յաւակնի խորացնել իր յարաբերութիւնները Արեւմուտքի հետ, սակայն իշխանութեան գլուխը գտնուող կուսակցութիւնը կը մեղադրեն, որ կը տենչայ հակառակին՝ կ՚ուզէ երկիրը մերձեցնել Ռուսաստանին։ Պրիւսէլի քննադատած այս օրէնքի վերադարձը լի է խոր տարակարծութիւններու վերակենդանացման վտանգով։

«Չէզոքացնել արեւմտեան ազդեցութիւնը».

Օրինագիծը կը նախատեսէ ստիպել արտասահմանէն իրենց գանձատրման աւելի քան 20%-ը ստացող կազմակերպութիւնները արձանագրուելու «օտար տէրութեան շահերը հետապնդող կազմակերպութիւն» տխրահռչակ պիտակի տակ, տուգանուելու սպառնալիքով։

Մինչ վրացական կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ կը պաշտպանէ օրինագիծ մը, որ կազմակերպութիւնները պիտի ստիպէ աւելի «թափանցիկ» ըլլալու իրենց գանձատրման հարցին մէջ, քննադատողներն ալ համոզուած են, որ այդ օրինագիծը այլ բան չէ, քան՝  հասարակական կազմակերպութիւններն ու անկախ լրասփիւռները վախցնելու գործիք մը:

Ըստ ԱՖՓ-ի հետ զրուցած փորձագէտներու՝ իշխանութեան գլուխը գտնուող կուսակցութիւնը,– որ կը մեղադրուի Քրեմլինի հետ գաղտնի համագործակցութեամբ,– արեւմտեան երկիրներու կողմէ որոշ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրասփիւռներու գանձատրումը կը համարէ երկրին նկատմամբ իր վերահսկողութեան մարտահրաւէր։

«“Վրացական երազանք”-ը չի թաքցներ, որ օրէնքը նպատակ ունի չէզոքացնելու արեւմտեան ազդեցութիւնը»,– ընդգծած է քաղաքագէտ Կիա Նոտիա։

“[Այդ] կուսակցութիւնը անընդհատ կ՚ըսէ, որ Վրաստանը կ՚առաջնորդէ դէպի Եւրոպական Միութիւն, բայց իրականութեան մէջ կը խափանէ Վրաստանի եւրոպական ուղին՝ կողմնորոշում մը, որուն ըստ ընկերաբանական հարցախոյզերու՝ համամիտ է բնակչութեան շուրջ 80 տոկոսը”,– կ՚ըսէ ան։

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէ, որ ծանօթ է իր հակաարեւմտեան հռետորաբանութեամբ, կը հերքէ ԵՄ-ի անդամակցութեան գործընթացը խափանելու որեւէ մեղադրանք, մինչ Պրիւսէլ կոչ կ՚ընէ բարձի թողի ընելու խնդրոյ առարկայ օրինագիծը:

Դեկտեմբերին Վրաստան ստացաւ անդամակցութեան թեկնածուի պաշտօնական կարգավիճակ, սակայն Թիֆլիս դեռ պէտք է գործադրէ դատական ​​եւ ընտրական բարեփոխումներ, ամրապնդէ մամլոյ ազատութիւնը եւ նուազեցնէ սակաւապետականներու (օլիկարխ) իշխանութիւնը, նախքան բուն բանակցութիւններու սկսիլը: