Search
Close this search box.

ՎՐԱՍՏԱՆ – Ռուսթավիի մէջ բացուած է Հայաստանի առաջին պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակը

Դեկտեմբեր 19-ին, Վրաստանի Ռուսթավի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակին բացման արարողութիւնը։ Լուրը կը հաղորդէ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը՝ Դիմագիրքի իր էջին գրառումով։

Արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկ. Դաւթեան, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական բաժանմունքի տնօրէն Կիորկի Տապատաձէ, նորանշանակ պատուոյ հիւպատոս Կիորկի Մայսուրաձէ։

Հայաստանի դեսպանը իր ելոյթին կարեւոր համարած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի առաջին պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակին բացումը, ընդգծելով հիւպատոսական գործունէութեան նշանակութիւնը յատկապէս Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդման եւ միջհասարակական շփումներու առաւել աշխուժացման տեսանկիւնէն։

Ձեռնարկին մասնակցած են Ռուսթավիի քաղաքապետարանի եւ վիրահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։