Հայութիւնը այս տարի Ապրիլ 24-ը կը դիմաւորէ տագնապահար։ Ոգեկոչման թուականը զուգադիպեցաւ Տաւուշի մէջ Հայաստան-Ազերպայճան սահմանազատման գործընթացին եւ ռուս խաղաղապահ ուժերու Արցախէն մեկնումին։ Հայաստանի ժողովուրդը տարաբնոյթ ընկալում ունի կառավարութեան սահմանազատման գործընթացին նկատմամբ։ Տաւուշի բնակչութեան մտավախութիւնները արդար են, նկատի առնելով ազերական կողմի անվստահելի վարքը եւ Հայաստանի հանդէպ անդադար գործածած սպառնալից խօսոյթն ու հայատեաց յայտարարութիւնները։ Վարչապետը տեղացիներուն հետ հանդիպումին՝ սահմանազատման գործընթացին Տաւուշէն սկսիլը արդարացուց ընդգծելով ազերական կողմին յարձակման վտանգը, բայց միաժամանակ շեշտելով այդ մարտահրաւէրը ստանձնելու անհրաժեշտութիւնը՝ խաղաղութեան գործընթացին հիմքը դնելու համար։
Հայաստանի Արեւմտեան միջազգային գործընկերներէն շատեր, բայց նաեւ Իրանը, Արաբական էմիրութիւնները, Քաթարը ողջունեցին սահմանազատումի առաջին քայլը իբրեւ խաղաղութեան գործընթացին սկիզբը։
Ռուսաստանի նախագահին բանբերը՝ Տմիթրի Փեսքով անդրադարձաւ Տաւուշի մարզի սահմանազատման, ինչպէս նաեւ այնտեղ 2020-ի պատերազմէն ի վեր կայանած ռուս սահմանապահ զօրքերու յենակէտերու փակումին։ Միաժամանակ, Արցախէն եւս ռուս խաղաղապահները սկսան մեկնիլ, նախքան հնգամեայ ժամկէտին աւարտը 2025-ին,
ինչպէս որ նախատեսուած էր Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ 2020-ին գոյացած համաձայնութեան։ Այս նահանջին զուգահեռ պիտի փակուին նաեւ Սիւնիքի մէջ հաստատուած ռուսական բանակի յենակէտերը։
Ֆրանսա Պաքուի իր դեսպանը խոր-
հըրդակցութեան համար ետ կանչած ըլլալով, տակաւին պաշտօնապէս չարձագանգեց սահմանազատումին, անկասկած Ազերպայճանի հետ իր ունեցած դիւանագիտական տագնապին պատճառով։ Իսկ Վրաստան չորս օր ուշացումով ողջունեց գործընթացին սկսիլը։ Տաւուշի մէջ, Հայաստան-Ազերպայճան սահմանազատման՝ սպառնալիքի պայմաններու մէջ տեղի ունենալը կրնայ ախորժալի չըլլալ Վրաստանին, որ նոյնպէս՝ սահմանի այդ հատուածին մէջ Ազերպէյճանի հետ ունի սահմանազատման չլուծուած տարածքներ։
Վրաստան, Ռուսաստանի հետ անմիջական սահմանակից ըլլալով եւ հակառակ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու թեկնածութեան, կը վարէ շատ զգուշաւոր քաղաքականութիւն մը, չվրդովելու համար Ռուսաստանը։ Վերջերս, Վրաստանի խորհրդարանին մէջ օտար գործակալներու օրէնքի ընդունումը եւս Ռուսաստանի հետ մերձեցման արտայայտութիւն կը նկատուի տեղւոյն ընդդիմութեան կողմէ, որուն դէմ ժողովրդային մեծ բողոքի ալիք մը ծայր առած է։
Արցախի կորուստով Ռուսաստանի դիրքերը Հայաստանի մէջ տկարացած են, սակայն Ռուսաստան ունի կարեւոր տնտեսական եւ ժողովրդագրական լծակներ ազդելու համար Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն վրայ. բայց եւ այնպէս, կորսնցուց իր կարեւորագոյն լծակը՝ Արցախը։ Նոյնիսկ ռուս վերլուծաբաններ կ՚անկնարկեն այս երեւոյթին, ինչպէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի ռուսական հիմնարկի նախագահ Եւկենի Սաթանովսքի յայտարարած է. «Հարաւային Կովկասի մէջ վերջակէտը դրուած է Ռուսական կայսրութեան, Սովետական միութեան եւ Ռուսաստանի դաշնակցութեան վերջին երեքհարիւր յիսուն տարուան պատմութեան։ Անդրկովկասի ապառուսականացումը փաստ է, եւ անոր դէմ վիճիլը անիմաստ է»։
Հայաստան ուղղակի սահման չունենալով Ռուսաստանի հետ, վերջինիս ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ կրնայ ըլլալ միայն ռազմավարական անկեղծ գործընկերութեան եւ երկուստեք տնտեսական շահերու պաշտպանութեան միջոցով։ Արցախի կորուստով՝ Ռուսաստանի վստահութեան վարկանիշը իջաւ նուազագոյնի, նոյնիսկ տնտեսական շահերը եւ ռուսահայ սփիւռքի գործօնը դարձան անզօր։
Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած խաղաղութեան խաղաթուղթը վտանգներէ զերծ չէ։ Սակայն պէտք է ընդունիլ որ Հայաստանին սպառնացող մեծագոյն վտանգը կը մնայ արտագաղթը։ Քոչարեան-Սարգսեան վար-
չակարգի օրերուն եթէ Հայաստանի քաղաքացիները կ՚արտագաղթէին անարդարութեան, հարստահարութեան, կա-
շառակերութեան, բռնաճնշումներու եւ
Ազերպայճանի հետ պատերազմի պատճառով, այսօր դեռ կ՚արտագաղթեն գլխաւորաբար Ազերպայճանի հետ պատերազմի վտանգին պատճառով։ Այս իրավիճակը հաշտութեան ու խաղաղութեան ուղիէն զատ այլընտրանք չի ձգեր ՀՀ կառավարութեան։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։