Search
Close this search box.

Տարմանէն խստօրէն կը դատապարտէ Պաքուի «չափազանց վնասակար միջամտութիւնը» Նոր Գալետոնիոյ մէջ

Ֆրանսայի Ներքին գործոց եւ Անդրծովեան տարածքներու նախարար Ժերալդտ Տարմանէն Ապրիլ 29-ին Ազգային ժողովի Իրաւական յանձնաժողովին առջեւ խստօրէն դատապարտած է Ազերպայճանի «չափազանց վնասակար միջամտութիւնը» Նոր Գալետոնիոյ Գոնկրէսին եւ Ազերպայճանի Ազգային ժողովին միջեւ համագործակցութեան յուշագրի մը ստորագրումէն յետոյ։

“Ինծի համար ակնյայտ չէր, որ Ազերպայճան տնտեսական, քաղաքական, մշակութային կամ մարզական հետաքրքրութիւններ ունի Հարաւային Խաղաղական ովկէանոսին մէջ”,– հեգնանքով նշած է Տարմանէն: “Ազերպայճան կը փորձէ օգտագործել Գալետոնիոյ հարցը՝ հակադարձելու համար հայոց ցուցաբերուող պաշտպանութեան եւ մշուշապատելու համար ազերպայճանական իշխանութիւններու կողմէ հայոց ջարդերը”,– ըսած է ֆրանսացի նախարարը:

Ակնարկելով վերոնշեալ յուշագրին ու նման այլ փաստաթուղթերու՝ Ֆրանսայի Ներքին գործոց եւ Անդրծովեան տարածքներու նախարարը ըսած է. “Այդ «քաղաքական արձանագրութիւնները» ակնյայտօրէն կարելի չեն բառին քաղաքական իմաստով եւ անընդունելի են բարոյապէս”։ Ան ափսոսանք յայտնած է, որ գալետոնիացի որոշ անկախապաշտներ «Ազերպայճանը կը տեսնեն որպէս փրկութեան լաստ»։

Նշեալ համաձայնագիրը «մեզ կը մղէ հարցադրուելու կամքին մասին որոշ խմբաւորումներու, որոնք Ազերպայճանը կ՚ընդունին որպէս քաղաքական մոտէլ մը, որ ճիշդ չէ եւ պէտք չէ զարգանայ Նոր Գալետոնիոյ մէջ»,– ընդգծած է ան։