Յունիս 9-ի երեկոյեան, բազմահազար քաղաքացիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժումին հանրահաւաքը, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։
Հաւաքը սկսաւ Հայաստանի փառերգով եւ Տէրունական աղօթքով։
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ոստիկանական բռնութիւններու մասին տեսանիւթ մը։ Այդ կապակցութեամբ փաստաբան Ռուբէն Մելիքեան յայտարարեց, թէ «այսօր վստահօրէն կարելի է ըսել, թէ Հայաստանի մէջ ունինք բազմաթիւ քաղաքական բանտարկեալներ, տնային կալանքի տակ գտնուողներ ու քաղաքական հետապնդման ենթարկուողներ, որովհետեւ երկակի չափանիշերը ուղղակի ակնյայտ են ու տեսանելի»։ Ան նշեց, թէ «քանի որ տակաւին ոստիկանները չեն պատժուած իրենց արարքներուն համար, մարդիկ ձերբակալելը եւ բանտարկելը ապօրինի է»։ Իր խօսքի աւարտին Մելիքեան հինգ իրաւապաշտպաններու անունով կարմիր բերետ մը նուիրեց Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանին՝ ըսելով, թէ «ան հրաշալիօրէն կը պաշտպանէ կարմիր բերետաւորներուն իրաւունքը»։
Շարժումի առաջնորդ Բագրատ սրբազան իր ելոյթին մասնաւորապէս յայտնեց, թէ «կեղծ են այն թեզերը, որ այսօր պատերազմ գոյութիւն չունի եւ մենք կը նպաստենք, որ պատերազմը վերսկսի։ Սա ամէնէն մեծ կեղծիքն է, քանի որ պատերազմ բերած իշխանութիւնը չի՛ կրնար պատերազմը աւարտել՝ լաւագոյն պարագային ան մեզ կը տանի դէպի մեր հայրենիքի, պետութեան, ինքնութեան եւ արժանապատւութեան կորուստ»։
Անդրադառնալով անցումային կառավարութեան, ան նշեց, որ պիտի գործէ օրակարգային յստակ երեք ուղղութիւններով.
«ա) Հաշտութեան վերկուսակցական կառավարութիւն՝ կազմուած բոլոր ունակներէն՝ իրենց մասնագիտական վաստակով, գիտելիքներով եւ նուիրումով, ներքին հաշտութեան՝ արդարութեան սկզբունքին վրայ։
բ) Արտաքին յարաբերութիւններ՝ իրական խաղաղութեան հայկական օրակարգով։
գ) Սահմանուած ժամանակի մէջ արտակարգ կամ հերթական ընտրութիւններու կազմակերպում՝ առանց յաւակնութիւն ունենալու մասնակցելու այդ ընտրութիւններուն՝ ազատ ու թափանցիկ միջավայր եւ արդարութիւն ապահովելով բոլոր քաղաքական ուժերուն համար»։
Բագրատ սրբազան շարժումին յառաջիկայ գործողութիւններուն մասին յայտարարեց հետեւեալը.
“Մենք կրնանք մեր առջեւ ծառացած խնդիրը լուծել, եթէ վաղուընէ սկսեալ, ընդամէնը 4 օր առանց դադարի, առանց հանգիստի եւ առանց քնանալու մնանք փողոցը ու մեր կամքը պարտադրենք։
Մեր պահանջով Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երեսփոխանները պէտք է նախաձեռնեն խորհրդարանի արտակարգ նիստ՝ Յունիս 11-ին, ժամը 18.30-ին, կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր կառավարութիւն կազմելու օրակարգով։ Իսկ նախքան այդ՝ Յունիս 10-ին, Ազգային ժողովը պարտաւոր է արտակարգ նիստ կազմակերպելու մասին որոշում կայացնելու եւ քաղաքական մեծամասնութիւնը՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան երեսփոխանները պարտաւոր են ենթարկուելու ժողովուրդի կամքին, գործելու խիղճով եւ համոզումով։ Մեր ներկայութեամբ մենք անոնց թոյլ պիտի չտանք կրկին հակապետական սխալ գործելու”։
Հանրահաւաքի աւարտին մասնակիցները Հանրապետութեան հրապարակէն երթով ուղղուեցան դէպի Ամիրեան, Մաշտոց եւ Բաղրամեան փողոցները։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։