Search
Close this search box.

Փաշինեանի հանդիպումը Փարիզի քաղաքապետուհիին հետ

 

Փարիզ իր երկօրեայ այցելութեան շրջանակին մէջ, վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի հետ: Վերջինս տեղեկացուցած է, թէ այս տարուան Սեպտեմբերին կը նախատեսուի Փարիզի կեդրոնը գտնուող շրջանին մէջ պարտէզ մը մկրտել Շառլ Ազնաւուրի անունով, ուր պիտի տեղադրուի նաեւ մեծանուն երաժիշտին կիսանդրին։

Իր կարգին, վարչապետը բարձր գնահատած է Տիկին Հիտալկոյի ջանքերը` Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին առնչուող օրակարգերու մէջ: