Search
Close this search box.

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը նախատեսուած է Հոկտեմբեր 5-ին Կրանատայի մէջ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցով կը մեկնի Պրիւսէլ։

«Սեպտեմբեր 26-ին կը նախատեսուի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Շառլ Միշէլի խորհրդականներուն ու Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հ. Հաճիեւի հետ՝ նախապատրաստելու Հոկտեմբեր 5-ին Կրանատայի մէջ նախատեսուած առաջնորդներու հանդիպումը»,– նշուած է Անվտանգութեան խորհուրդի այս մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։