Search
Close this search box.

Փաշինեան–Էրտողան հեռաձայնային զրոյց

 

Քննարկուած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, տարածաշրջանային հարցեր

Սեպտեմբեր 11-ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հեռաձայնային զրոյցը։ Լուրը կը հաղորդէ վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան։

Զրուցակիցները անդրադաձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային հարցերու:

Երկու երկիրներու ղեկավարերը ընդգծած են, որ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան և կայունութեան հաստատումը կը նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու զարգացման ու բարգաւաճման:

«Կողմերը նշեցին, որ պիտի շարունակեն դիւանագիտական ջանքերը այդ ուղղութեամբ»,– Դիմագիրքի իր էջին գրած է Բաղդասարեան:

***

Աւելցնենք, թէ թուրք մամուլը այս լուրին արձագանգելով՝ կը գրէ նաեւ, որ Թուրքիոյ նախագահը Հայաստանի վարչապետին յայտնած է Արցախի նախագահական ընտրութեան իրենց համար անընդունելի բնոյթը, այդ զարգացումը համարելով խաղաղութեան ուղղուած ջանքերուն հասցուած հարուած։