Յունուար 19-ին, Արդարադատութեան նախարարութիւն այցելած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ուր պատկան մարմիններու հետ հանդիպումին յայտարարած է, թէ Հայաստան նոր Սահմանադրութեան կարիք ունի, անհրաժեշտ է ոչ թէ բարեփոխել մայր օրէնքը, այլ՝ բոլորովին նորը մշակել։
“Այս առումով Արդարադատութեան նախարարի հետ աշխատանքային մէկ-երկու քննարկման ժամանակ ես արձանագրել եմ, որ իմ ու նաեւ մի շարք գործընկերների կարծիքով,– եւ այս միտքը ես բարձրաձայնում եմ, որպէսզի այն նաեւ աւելի լայն քննարկման առարկայ դառնայ,– Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարիք ունի նոր Սահմանադրութեան»,– ըսած է ան:
Սակայն մինչ լայն քննարկումները Փաշինեան արդէն կ՚ընդգծէ, թէ Հայաստանի կառավարման համակարգը պէտք է մնայ անփոփոխ, փոփոխութիւնները իշխանութեան լծակներու վրայ պէտք չէ ազդեն։ Նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու պատճառը, ըստ վարչապետին, «տարածաշրջանի ու աշխարհի փոփոխութիւններն են, զորս անհրաժեշտ է կառավարել Հայաստանի պետական շահերուն համապատասխան»:
“Երկրորդը՝ մենք պէտք է ունենանք Սահմանադրութիւն, որը Հայաստանի Հանրապետութիւնը աւելի մրցունակ եւ աւելի կենսունակ կը դարձնէ աշխարհաքաղաքական եւ շրջանային նոր պայմաններում”,– աւելցուցած է վարչապետը, առանց այլ մանրամասնութիւն հաղորդելու կամ փակագիծեր բանալու։
Անոր ելոյթին հրապարակումէն ետք, սակայն, ընդդիմութիւնը եւ Սահմանադրութեան բարեփոխումին մասնակից հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները պնդած են, թէ խօսքը ամենայն հաւանականութեամբ Պաքուի պահանջներու մասին է։
Քաղաքական գործիչ Սուրէն Սահակեան կը յիշեցնէ, թէ տակաւին 2022-ին փակ հանդիպումի մը ընթացքին վարչապետը իրենց բացէ ի բաց ըսած է, թէ Ազերպայճան Հայաստանին կը պարտադրէ առանցքային փաստաթուղթերէն ջնջել Արցախի մասին որեւէ յիշատակում։
“Փաշինեան՝ Ազերպայճանի պահանջներուն եւ Սահմանադրութեան ու Անկախութեան հռչակագրին առնչութեամբ կը խօսէր արդէն 2022-ի սկիզբը”,– աւելցուցած է Սահակեան։
2020-ի պատերազմէն մէկ տարի ետք, Ազերպայճանի նախագահն ալ թրքական «Անատոլու»-ին տուած հարցազրոյցին հրապարակաւ յայտարարած էր, թէ Հայաստան պէտք է փոխէ Սահմանադրութիւնը, քանի որ ան Թուրքիայէն տարածքային պահանջներ կը պարունակէ։ Իսկ անցեալ ամիս, Ալիեւ այս անգամ ըսած է, թէ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար Պաքուին անհրաժեշտ են ամուր երաշխիքներ, թէ Հայաստան ապագային վրէժխնդիր պիտի չըլլայ ու պիտի մոռնայ Արցախը։
«Հայաստան» խմբակցութիւնը հակադարձած է Սահմանադրութեան մասին Փաշինեանի յայտարարութեան
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան կարգ մը երեսփոխաններ միացեալ հաղորդագրութեամբ մը հակադարձած են վարչապետին պնդումին, թէ Հայաստան նոր Սահմանադրութեան կարիքը ունի:
«Այս քայլով Փաշինեանը փորձում է նախաձեռնել նոր յարձակում Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան հիմնասիւներից մէկի վրայ` հող նախապատրաստելով թուրք-ադրբեջանական չդադարող պահանջների բաւարարման համար: Հայաստան-Ադրբեջան բանակցային գործընթացում կողմերի առաջարկներին ծանօթանալուց յետոյ մեր հնչեցրած մտահոգութիւնները, կապուած ընթացող բանակցային գործընթացի տրամաբանութեան եւ ադրբեջանական նախապայմանները բաւարարելու հետ, այսօր, ցաւօք, հաստատուեցին Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցրած յայտարարութիւններով: Փաշինեանը նաեւ խոստովանել է, որ նման յայտարարութեան շարժառիթը՝ «քաղաքական որոշումների օրինականութիւնը ապահովելն է»։ Այս յայտարարութիւնը յաջորդական ուղերձն է յղում Ադրբեջանին եւ Թուրքիային»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։