Search
Close this search box.

Փաշինեան. «Հայաստանն ալ Ազերպայճանի կողմէ գրաւուած 8 գիւղի խնդիր ունի»

Հանրային հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ի միջի այլոց, անդրադարձած է նաեւ Ազերպայճանի կողմէ պահանջուող 8 գիւղերու հարցին։ Ան նշած է, թէ Հայաստանն ալ ունի 8 գիւղի խնդիր։ “Տաւուշի մարզում կան Ադրբեջանի կողմից գրաւուած տարածքներ՝ Բերքաբեր, Այգեհովիտ, Վազաշէն, Պառաւաքար գիւղերը, ինչպէս նաեւ այլ տարածքներ։ Մենք այս հարցի լուծումը առաջարկել ենք դեռ 2021 թուականին եւ ասել՝ եկէք որոշենք, թէ ի՛նչ է սահմանազատման քարտէսը եւ փոխադարձ համաձայնութեամբ զօրքերը դուրս բերենք այդ սահմանագծից»։

Պաքուի մեկնաբանութիւնը

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադառնալով վարչապետին ըսածներուն՝ յայտարարած է, թէ «հայկական կողմը չի հրաժարիր քաղաքական շահարկումներէ եւ խեղաթիւրուած մեկնաբանութիւններէ»։

Պաքու «բացարձակ սուտ» անուանած է հայկական որոշ գիւղերու գրաւման վերաբերեալ Փաշինեանի յայտարարութիւնը։ «Այսպէսով Երեւան կ՚ուզէ արդարացնել ազերպայճանական 8 գիւղերուն գրաւումը։ Հայաստան, հակառակ միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշերուն ու սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, գրաւած է Ազերպայճանի 8 գիւղերը»,– նշուած է Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ինչ կը վերաբերի սահմանազատման, Փաշինեան խօսած է 1975-ի քարտէսը հիմք ընդունելու մասին: Սակայն, Ազերպայճան կը պնդէ, թէ 1975-ի քարտէսը, որուն յղում կ՚ընէ Հայաստան, «գոյութիւն չունի»։ «Ընդհանուր առմամբ, սահմանազատման հոլովոյթը կ՚իրագործուի ոչ միայն քարտէսներու հիման վրայ։ Եւ որպէսզի այդ քարտէսներուն յղում կատարուի, անոնք պէտք է հիմնուած ըլլան միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու վրայ, ինչպէս նաեւ՝ երկու երկիրներու կողմէ այս կամ այն կերպ վաւերացուած փաստաթուղթերու վրայ։ Հայաստան, մեկնելով իր տարածքային նկրտումներէն, տակաւին չէ սահմանազատած իր սահմանները դրացիներէն որեւէ մէկուն հետ, եւ այն պնդումը, թէ սահմանազատումը պէտք է կատարուի միայն մէկ քարտէսի հիման վրայ, ինչպէս կը յայտարարէ Փաշինեան, կը հակասէ որեւէ տրամաբանութեան»,– մատնանշուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։