Search
Close this search box.

Փաշինեան. «Հայաստան Հռոմի համաձայնագիրը պիտի վաւերացնէ ամբողջութեամբ»

 

Ազգային ժողովի Սեպտեմբեր 13-ի նիստին, կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի բաժնին՝ վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, թէ  Հայաստան պիտի վաւերացնէ Պատժական միջազգային ատեանի Հռոմի կանոնադրութիւնը (Statut de Rome) ամբողջութեամբ։ 

“Կառավարութիւնը ուղարկել է Հռոմի կանոնադրութիւնը Ազգային ժողով եւ իմ եւ մեր խմբակցութեան դիրքորոշմամբ այն վաւերացուելու է ամբողջութեամբ ու լիարժէք։ Դա որեւէ կապ չունի Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնների հետ, դա կապ ունի Հայաստանի անվտանգային խնդիրների հետ»,– ըսած Փաշինեան։

Նախապէս, Սահմանադրական դատարանը Հայաստանի Սահմանադրութեան համապատասխանող նկատած էր 1998 Յուլիս 17-ին ստորագրուած՝ Պատժական միջազգային ատեանի Հռոմի կանոնադրութեամբ սահմանուած պարտաւորութիւնները։ 2022-ին այս հարցով Սահմանադրական դատարան դիմած էր Կառավարութիւնը։ Այնուհետեւ, գործադիր մարմինը այդ Կանոնադրութիւնը ուղարկած էր Ազգային ժողով՝ վաւերացման: 

Կառավարութիւնը կրկին վերադարձած է Հռոմի կանոնադրութեան ճանաչման հարցին, քանի որ, ան կարելիութիւններ կ՚ընձեռէ Ազերպայճանը պատժելու:

* * *

Հարցը հոն է, որ եթէ Հայաստան վաւերացնէ Հռոմի կանոնադրութիւնը, պիտի յառաջանայ հետեւեալ բարդ հարցը։ Այդ փաստաթուղթը ընդունելով՝ Հայաստան պիտի միանայ Պատժական միջազգային ատեանի այդ կանոնադրութիւնը ճանչցած 123 երկիրներու ցանկին, նաեւ՝ ենթարկուի անոր նշած պարտաւորութիւններուն եւ հրահանգներուն։ Եւ… ներկայիս այդ հրահանգներուն մաս կը կազմէ պատերազմական ոճիրի ամբաստանութեամբ՝ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի ձերբակալման հրահանգը (արձակուած՝ 2023 Մարտին), անմիջապէս որ ան ոտք կոխէ այդ երկիրներէն որեւէ մէկուն հողին վրայ։ Այլ խօսքով, եթէ  Ազգային ժողովը վաւերացնէ եւ Հայաստան միանայ խնդրոյ առարկայ կանոնադրութեան, այդ պիտի նշանակէ, որ Հայաստան ինքնաբերաբար ընդունած պիտի ըլլայ նաեւ Փութինի դէմ հետախուզումը, եւ եթէ ենթական Հայաստան այցելէ, զայն ձերբակալելու պարտաւորութեան առջեւ պիտի կանգնի։

Որպէս եզրակացութիւն.- Հակառակ վարչապետ Փաշինեանի պնդումին, թէ այս քայլը ուղղուած չէ Ռուսաստանի դէմ, բայց եւ այնպէս ընդունելով այդ քայլին հակառուս հետեւանքները, Հայաստան որոշած է վերջնապէս «հրկիզել Ռուսաստանի հետ կամուրջները»։ Մա՛նաւանդ, որ այս քայլով ակնկալուած բարիքներն ալ արդարացուած չեն. մինչեւ այսօր, ո՞ր միջազգային կազմակերպութեան կամ աւելի՛ն՝ ո՞ր միջազգային արդարադատական ատեանի որոշումը յարգուած է Ազերպայճանի կողմէ, որ այսուհետեւ կարելի ըլլայ ակնկալել այդ յարգանքը։