Search
Close this search box.

Փաշինեան. «Որեւէ առաւելութիւն չեմ տեսներ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայաններու ներկայութեան մէջ»

 

Վարչապետին հարցազրոյցը “The Wall Street Journal”-ին

Վարչապետ Փաշինեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած “The Wall Street Journal”-ին, ուր ան, ի միջի այլոց, անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայաններու ներկայութեան, Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի հետ պատմական յարաբերութիւններուն, Ազերպայճանի հետ խաղաղ կարգաւորման հասնելու հեռանկարներուն…։

Վարչապետը յայտնած է, թէ ներկայիս Հայաստան նոր գործընկերներ կը փնտռէ, քանի որ Ռուսաստան թերացած է իր դաշնակցային պարտաւորութիւններուն մէջ, յատկապէս անցեալ ամիս Ազերպայճանի կողմէ Արցախի գրաւման ընթացքին։ 

“Այս իրադարձութիւնները մեզ յանգեցուցին այն որոշումին, որ մենք պէտք է բազմազան դարձնենք մեր յարաբերութիւնները անվտանգութեան բնագաւառին մէջ, եւ հիմա այդ է, որ կը փորձենք ընել”,– ըսած է Փաշինեան եւ աւելցուցած, թէ այդ պատճառով ալ ինք որեւէ առաւելութիւն չի տեսներ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայաններու ներկայութիւնը շարունակելու մէջ։ 

Հակառակ անոր որ Ազերպայճան հրաժարած է Հոկտեմբերի վերջին Պրիւսէլի մէջ նախատեսուող հանդիպումէն, Հայաստանի վարչապետը պնդած է, թէ ինք լաւատես է եւ կարելիութիւնը կայ յառաջիկայ ամիսներուն Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու։

“Տարածաշրջանի ապագան պէտք է ըլլայ կայուն, փակ սահմաններու եւ առեւտրային ուղիներու, այդ կարգին՝ Թուրքիան ու Ազերպայճանը կապող ճանապարհի բացումով, եթէ յարգուի Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։ Անվտանգութիւնը պէտք է ձեռք բերուի ոչ միայն բանակով, այլեւ տարածաշրջանային խաղաղութեամբ”,– նշած է ան։

Վարչապետը յիշեցուցած է Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի հետ պատմական յարաբերութիւններու մասին

Պատասխանելով Ռուսաստանի հետ Հայաստանի պատմական յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցումին՝ Փաշինեան ըսած է, որ ատոր փոխարէն պէտք է կեդրոնանալ «թուրք դրացիներու՝ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի հետ Հայաստանի շատ աւելի երկար պատմութեան վրայ»։

“Հոս են բոլոր հարցերը եւ բոլոր հարցերու պատասխանները։ Մենք պէտք է նախ աշխատինք բարելաւելու տարածաշրջանային մեր յարաբերութիւնները”,– ընդգծած է վարչապետը։

Աւելի՛ն, Փաշինեան ընդգծած է, որ անվտանգութեան ոլորտին մէջ նոր դաշնակիցներ գտնելու Երեւանի ջանքերը պէտք է դիտարկել ոչ թէ զուտ իբրեւ արեւմտեան ռազմակայաններու ու զէնքի խնդրանք, այլ՝ որպէս տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան ձգտում։

WSJ-ի լրագրող Եարուսլաւ Թրոֆիմովի հարցումին, թէ Հայաստանի վարչապետը մտավախութիւն չունի՞, թէ Մոսկուա կրնայ զինք հեռացնել իշխանութենէն, Փաշինեան չէ թաքցուցած իր վրդովումը. «Նման մօտեցում կը խախտէ բազմաթիւ կանոններ՝ մէկզմէկու ներքին գործերուն չմիջամտելու եւ դիւանագիտական պարկեշտութիւն  ցուցաբերելու սկզբունքները…»։