Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – Շաւիլ – Շարժանկարի ցուցադրութեան երեկոյթ

Առաջին Հայերու Շաւիլ ժամանման հարիւրամեակին նուիրուած նշումներու շարքին որպէս մէկ մասը,– քաղաքային շքանշանի բաշխումէն ետք չորս անձնաւորութիւններու (տե՛ս. «ՆՅ»-ի Դեկտեմբեր 14-ի թիւը),– քաղաքապետ Ժան-Ժաք Կիյէ փափաքած էր նաեւ կազմակերպել այս երեկոյթը սոյն յատուկ տարեդարձին առթիւ: 

Այսպէս, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15-ի երեկոյեան, Շաւիլի «Աթրիոմ» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւնը Յակոբ Մելքոնեանի 2020 թուականին նկարահանած «Շրջափակում» (« Blocus ») վաւերագրական ֆիլմին: 

Երեկոյթը բացաւ քաղաքապետը, որ անգամ մը եւս յիշեցուց ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան կարեւորութիւնը, Շաւիլի հայ համայնքի հարուստ ներդրումը, միաժամանակ յայտնելով իր զօրակցութիւնը Արցախին եւ յայտարարելով քաղաքապետարանի բացառիկ նպաստը արցախցի գաղթականներուն: Այնուհետեւ ան ներկայացուց լրագրողուհի, պատերազմի թղթակից, ծագումով հայ Միրիամ Կոմը, եւ շարժանկարի բեմադիր Յակոբ Մելքոնեանը, որ իր նկարահանած ֆիլմով կը պատմէ Տաւուշի մարզի Չինարի սահմանամերձ գիւղին մէջ բնակող՝ երեք երեխաներով Պետրոսեան ընտանիքի առօրեան։ Անոնք կը փորձեն երեսուն տարիէ ի վեր գոյատեւել Ազերպայճանցիներու դէմ պատերազմի պայմաններուն մէջ, մինչ պարբերաբար կը յայտնուին հակառակորդի կրակոցներուն տակ, որոնց նպատակն է բնակչութիւնը մղել իրենց պապենական հողը լքելու ու մեկնելու:

Այս գեղեցիկ ֆիլմի ցուցադրութեան աւարտին, Միրիամ Կոմ եւ Յակոբ Մելքոնեան ներկայացուցին նկարահանման պատմութիւնը, իրագործման դժուար պայմանները եւ պատասխանեցին հանդիսատեսներու հարցումներուն:

Յոբելինական այս տարին կը փակուի Շաւիլի եկեղեցւոյ «Թերթիկ» ծխական տեղեկատուի յատուկ թիւով:

Հ. Հ. ■