Search
Close this search box.

Փարիզի հայկական փառատօնը

Կիրակի, Սեպտեմբեր 10-ին, սաստիկ տօթի պայմաններու տակ մայրաքաղաքիս Ժան Կուժոն փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հայոց թեմի կազմակերպած 6-րդ հայկական փառատօնը։

Լուսանկար՝ Հրայր Հրաչեանի

Կիրակնօրեայ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Անդաստանի կարգ, որու ընթացքին Թեմիս առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեան օրհնեց աշխարհիս չորս ուղղութիւնները։ Այնուհետեւ, ներկայութեամբ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի եւ Փարիզի 8-րդ թաղամասի քաղաքապետ տիկին Ժանն տ’Հոթըսերի, Գրիգոր վարդապետ կտրեց ժապաւէնը՝ փառատօնը պաշտօնապէս բացուած յայտարարելով։ Օրը այնուհետեւ ընթացաւ տարբեր հետաքրքրութիւններ կամ նախասիրութիւններ յագեցնող շուրջ երեսուն տաղաւարներու շուրջ, տօնական մթնոլորտի մէջ: Ներկայ բազմութիւնը առիթը ունեցաւ վայելելու Իսի-լէ-Մուլինոյի «Արարատ» պարախումբի ելոյթը, որուն յաջորդեց Մայր տաճարին մէջ տրուած համերգը, որ մեզի առիթ ընծայեց մէկ ժամէն աւելի ունկնդրելու միջազգային ճանաչումի արժանացած արուեստագէտներու վարպետօրէն հրամցուցած՝ հայկական եւ այլ երգացանկերու ստեղծագործութիւններ: Այսպէս, ներկաները կրցան վայելել ու գնահատել հոյակապ սոփրանօներ՝ Աննա Կասեանի, Լուսինէ Լեւոնիի եւ Մարի-Անժելիք Դուզեանի, ինչպէս նաեւ պարիթոն Մկրտիչ Մկրտչեանի հոգեզմայլ ձայները, եւ ջութակահար Արմէն Սամուէլեանի եւ անոր դաշնակով ընկերակցող Անահիտ Դուզեանի տաղանդը:

Օրը աւարտեցաւ ընդհանուր խանդավառութեան մէջ, եկեղեցւոյ գործունէութիւններուն ի նպաստ կազմակերպուած վիճակահանութեամբ:

Ներկաները մեկնեցան գոհ, ժամադրուելով՝ 2024 Սեպտեմբերին։

Հ.Հ. ■