Search
Close this search box.

Փարիզի սրտին մէջ հանրապարտէզ՝ Շառլ Ազնաւուրի անունով

Մայիս 22-ին՝ Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակի յոբելեանին օրը, մեծանուն երգիչի անունով մկրտուեցաւ Շան զ՚Էլիզէ պողոտայի եւ Գոնգորտ հրապարակի դրացնութեամբ գտնուող հանրապարտէզը։ 

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան եւ ելոյթներով հանդէս եկան Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ, դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, 8-րդի թաղապետ Ժանն տ՛Հոթըսեր, ինչպէս նաեւ Ազնաւուրի որդին՝ «Ազնաւուր» հիմնադրամի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուր։

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ խորհրդարանականներ, օտար երկիրներու դիւանագէտներ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ֆրանսացի հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային անուանի գործիչներ, հարիւրաւոր ֆրանսացիներ եւ ֆրանսահայեր։

Իր ելոյթին Հայաստանի դեսպանը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց քաղաքապետուհիին՝  Փարիզի սրտին մէջ գտնուող այս հանրապարտէզը հայազգի աշխարհահռչակ արուեստագէտ՝ Շառլ Ազնաւուրի անունով կոչելու գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար։ Ան շեշտեց, թէ Ազնաւուր իր երգերուն մէջ բազմիցս փառաբանած է Փարիզ քաղաքը՝ զայն համարելով իր կեանքի ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւններու խորհրդանշական մեկնակէտը: 

Տիկին Տոլմաջեան ընդգծեց նաեւ Շառլ Ազնաւուրի՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը եւ անոր անսասան հաւատքը Հայաստանի վերածնունդի եւ լաւագոյն ապագայի հանդէպ: 

Իր կարգին, քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ նշեց, թէ Փարիզի մէջ Ազնաւուրի յիշատակը յաւերժացնող հանրապարտէզին անուանակոչումը հայ ժողովուրդին հանդէպ անվերապահ յարգանքի վկայութիւնն է։ Ան տեղակացուց, թէ յառաջիկային նոյն վայրին մէջ պիտի տեղադրուի Ազնաւուրի արձանը եւ այդպէսով միլիոնաւոր մարդիկ պիտի կարենան հաղորդակից դառնալ անոր ձգած հարուստ ժառանգութեան։

Արարողութեան ընթացքին հնչեցին Ազնաւուրի ամէնէն նշանաւոր երգերը՝ «J’aime Paris au mois de mai», «Je m’voyais déjà», «Emmenez-moi», «For me Formidable», «La Bohème»…։ 

Ձեռնարկի աւարտին, քօղազերծուեցաւ հանրապարտէզին մէջ տեղադրուած յուշատախտակը՝  «Ֆրանսացի արուեստագէտ, Հայաստանի ազգային հերոս Շառլ Ազնաւուրի անունով հանրապարտէզ» մակագրութեամբ։

Աւելցնենք, որ առ ի շնորհակալութիւն, Փարիզի քաղաքապետուհիին նուիրուեցաւ՝ Շառլ Ազնաւուրի եւ պրենտիի (քոնեակ) նշանաւոր «Արարատ» գործատան միասնաբար ստեղծած «ARARAT Charles Aznavour Signature Blend» յատուկ թողարկումէն շիշ մը։  

Inauguration jardin Charles Aznavour