Հոկտեմբեր 3-ի յետմիջօրէին, Փարիզի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրած է «Լեռնային Ղարաբաղի Հայերուն Փարիզի պատուոյ քաղաքացիութիւն շնորհելու վերաբերեալ» բանաձեւ մը։
Սոյն բանաձեւով Փարիզի քաղաքային խորհուրդը կը դատապարտէ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ Ազերպայճանի գործած շարունակական յանցագործութիւնները, այդ կարգին նաեւ՝ Սեպտեմբեր 19-ին սանձազերծուած ռազմական յարձակումը եւ Արցախահայութեան դէմ իրականացուող ցեղասպանական արարքները։
Ի հաւաստումն Փարիզի կողմէ Արցախի ժողովուրդին տրամադրուող աջակցութեան շարունակականութեան՝ նշեալ բանաձեւին համաձայն՝ խորհրդանշական ձեւով Արցախահայութեան կը շնորհուի նաեւ Փարիզի պատուոյ քաղաքացիութիւն։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։