Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Ազնաւուրին նուիրուած յուշատախտակի քօղազերծման արարողութիւնը

Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով, Մայիսի 16-ին Փարիզի 9-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ մարդասէր եւ արուեստագէտ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւնը։ Ներկայ էին 9-րդի քաղաքապետ Տելֆին Պիւրքլի, Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, երեսփոխան Սիլվէն Մայառ, քաղաքապետական խորհուրդի եւ հայ համայնքի անդամներ, բազմաթիւ հիւրեր։

Շառլ Ազնաւուրի ծնողքը՝ Միշա եւ Քնար Ազնաւուրեան Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն ապրած են Navarin փողոց, թիւ 22 հասցէին եւ իրենց բնակարանին մէջ պատսպարած Մելինէ եւ Միսաք Մանուշեանը, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան այլ մարտիկներ:

Շառլ Ազնաւուր շատ լաւ գիտէր թաղը եւ ամէն մէկ անկիւնէն յիշատակներ ունէր։ Ան խորապէս կապուած էր Փարիզ 9-րդի թաղին հետ եւ հոն իր տան մէջ կը զգար։

Քաղաքապետուհիին եւ Հայաստանի դեսպանին ելոյթներէն եւ յուշատախտակի քօղազերծումէն ետք, թաղի դպրոցներու խումբ մը աշակերտներ երգ ու արտասանութեամբ ներկայացուցին Ազնաւուրի «Անոնք ինկան»-ը եւ «La Bohème»-ը։

Բարեկամական բաժակով աւարտեցաւ արարողութիւնը։