Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան պարգեւատրուեցաւ «Médaille Grand Vermeil de Paris» շքանշանով

Դեկտեմբեր 21-ին, Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի կողմէ պարգեւատրուեցաւ  «Médaille Grand Vermeil de Paris» շքանշանով։ 

Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Տիկին Հիտալկօ իր ելոյթին ընդգծեց, թէ այսօր յանձին Հայաստանի դեսպանին նշանակալի ներդրումին երկու երկիրները աւելի քան երբեք մօտ են իրարու։ “Տիկին Տոլմաջեան յաջողեցաւ  Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան ու աջակցութեան գաղափարին շուրջ համախմբել Ֆրանսայի զանազան հասարակական-քաղաքական հոսանքներու պատկանող գործիչներն ու կազմակերպութիւնները՝ այդ հարցը դարձնելով նաեւ ֆրանսական հասարակութեան համախմբման անկիւնաքարերէն մէկը։ Ֆրանսա եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի կողքին, եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանին Փարիզի բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրումը նաեւ այդ յանձնառութեան վկայութիւնն է”,– նշեց Հիտալկօ։

Դեսպան Տոլմաջեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ երախտագիտութիւն  յայտնեց քաղաքապետին եւ Փարիզի քաղաքային խորհուրդի անդամներուն՝ սոյն պարգեւատրումով զինք մեծագոյն պատուոյն արժանացնելնուն եւ այդ ճամբով ամբողջ հայ ժողովուրդին անգամ մը եւս զօրակցութեան ու համերաշխութեան ուղերձ յղելնուն համար։ “Հայաստան բարձր կը գնահատէ վերջին երեք տարիներու դժուար օրերուն Ֆրանսայի եւ յատկապէս Փարիզի նման անկեղծ բարեկամներու իր թիկունքին կանգնիլը։ Ֆրանքեւհայկական բարեկամութիւնը խարսխուած է հազարամեայ պատմութեան ու քաղաքակրթութեան ընդհանուր արժէքներու վրայ եւ վստահաբար ան պիտի շարունակէ զարգանալ ու խորանալ՝ ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն”,– յայտնեց դեսպանուհին։

Պարգեւատրման արարողութեան ներկայ եղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի երեսփոխաններ, Ծերակոյտի անդամներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, Ֆրանսայի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, ֆրանսացի քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ, լրագրողներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։