Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Հայաստանի մասնակցութիւնը «VivaTech-2024» 8-րդ ամէնամեայ միջազգային ցուցահանդէսին

Փարիզի (Porte de Versailles) մէջ Մայիս 22–25 տեղի ունեցած «VivaTech-2024» 8-րդ ամէնամեայ միջազգային ցուցահանդէսին, Հայաստանէն մէկ տասնեակ ընկերութիւններ մասնակցած են «Հայաստան» միասնական տաղաւարով։

Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան աջակցութեամբ։ Հոն ներկայացուած են հայրենի արհեստագիտական ներուժն ու նուաճումները՝ արհեստական բանականութեան, համացանցային անվտանգութեան, ռոպոթաշինութեան, ֆինանսական եւ մարզական արհեստագիտութիւններու բնագաւառներուն մէջ։

Մայիս 24-ին «ARMENIA» տաղաւար այցելած է դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ ծանօթացած հայկական ընկերութիւններու նորարարութիւններուն եւ ցուցահանդէսին ներկայացուած արտադրանքներուն։ Ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուած են սոյն ոլորտի զարգացման եւ ֆրանսական ընկերութիւններու հետ համագործակցութիւն հաստատելու հեռանկարներուն առնչուող հարցեր։

Ցուցահանդէսին մասնակցած են 120 երկիրներէ շուրջ 3500 ընկերութիւններ։ Իսկ Հայաստանէն մասնակցած ընկերութիւններն են՝ «Մետրիկ», «Իզիթեք», «Սոֆթ Կոնստրակտ», «Վիթուվի», «ՖայվԲրէյն Լաբս», «Հեքս Դիվիժն», «Դիջի Սոֆթ», «Նեքստստեք»,«Ադեվից» եւ որպէս այցելու՝ «Ինորեյն», «Արփինետ» ընկերութիւններն ու «Զլինկ» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը: