Փետրուար 27-ին, Ֆրանսայի թղթատարութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ (Carrée d’Encre) ոգեկոչուեցաւ հայազգի երկու ականաւոր դէմքեր՝ Դիմադրութեան շարժումի հերոս Միսաք Մանուշեանի եւ աշխարհահռչակ երգիչ, երգահան Շառլ Ազնաւուրի յիշատակը՝ անոնց նուիրուած բացառիկ դրոշմաթուղթերու հրապարակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին։
Ելոյթներով հանդէս եկան Ծերակոյտիի փոխնախագահ Փիէր Ուզուլիաս, դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ վարչութեան տնօրէն Պրիս Ռոքֆէօյ, Ֆրանսական թղթատարի մասնաճիւղերէն մէկը հանդիսացող «Ֆիլափոսթ ակումբ»-ի եւրոպական եւ միջազգային հարցերու տնօրէն Ժան-Փօլ Ֆորսըվիլ, Մելինէ Մանուշեանի քրոջ թոռնուհին Քաթիա Կիրակոսեան եւ Շառլ Ազնաւուրի որդին՝ Միշա Ազնաւուր։
Ֆրանսայի թղթատարութեան եւ Հայաստանի դեսպանութեան սերտ համագործակցութեամբ՝ Միսաք Մանուշեանին նուիրուած չորս դրոշմաթուղթերու հաւաքածոն հրապարակուած է 8.000 օրինակով։
Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Ազնաւուրին նուիրուած դրոշմաթուղթի պատկերին ներկայացումը։ Պատկերին հեղինակն է վիեթնամցի նկարիչ Հոմ Նկիւյեն, իսկ անոր ստեղծագործութեան հիմքը կը կազմէ Ռոժէ Գասպարեանի ըրած Շառլ Ազնաւուրի լուսանկարը։ Դրոշմաթուղթի պաշտօնական հրապարակումը՝ շուրջ 600.000 օրինակով, նախատեսուած է Մայիսի վերջաւորութեան՝ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով։
Արարողութեան ներկայ էին խորհրդարանականներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։