Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – «Նռան գոյնը» ֆիլմի ցուցադրութեամբ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ ծայր առին Սերգեյ Փարաճանովի 100-ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւնները

Ապրիլ 3-ին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Փարիզի կեդրոնին մէջ ծայր առին Սերգեյ Փարաճանովի 100-ամեակին նուիրուած յոբելինական ձեռնարկները, մասնակցութեամբ Հայաստանէն ժամանած Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի գլխաւորած պատուիրակութեան։

Երեկոյթին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նախարարուհի Անդրէասեան, դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի տնօրէնի մշակութային հարցերու տեղակալ Էռնեսթօ Օթթոն, որոնք դրուատեցին աշխարհահռչակ բեմադիր-արուեստագէտին արժանիքները։ 

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Փարաճանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնը, որուն յաջորդեց քննարկում՝ նուիրուած մեծանուն արուեստագէտին ստեղծագործական ժառանգութեան, հանդիսավարութեամբ ֆրանսահայ բեմադիր եւ դերասան Սերժ Աւետիքեանի։ Իբրեւ բանախօսներ ելոյթ ունեցան ռուսական եւ խորհրդային շարժարուեստի մասնագէտ Վալերի Փոզներ, շարժադրող ու շարժանկարներ արտադրող Փաթրիք Քազալս եւ ազգագրագէտ, պատմաբան, «Նռան գոյնը» ֆիլմի դերակատար Լեւոն Աբրահամեան, ներկայացնելով Փարաճանով ազգագրագէտը, բեմագիրն ու բեմադիրը: Անոնք ընդգծեցին յոբելեարին հանճարը՝ Խորհրդային Միութեան մէջ խորհրդաւոր, ազատ եւ խոր մտածողութեամբ նման ֆիլմ մը ստեղծած ըլլալուն առումով:

Յոբելինական միջոցառումներու շրջանակին մէջ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնէն ներս Ապրիլ 3-10-ը հանրութեան կը ներկայացուին Փարաճանովին նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէսը եւ «Կինոյի տաճար» միջավայր-ցուցադրութիւնը (installation), որ կառուցուած է «Նռան գոյնը» ֆիլմի հիմքին վրայ։

***

Փարիզ կատարած այցի շրջածիրին մէջ նախարար Ժաննա Անդրէասեան այցելած է Քէ Պրանլիի Ժաք-Շիրաք թանգարանը, ուր հանդիպում ունեցած է թանգարանի տնօրէն Էմանիւէլ Քազարհեռուի հետ։ Ներկայ եղած են դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէնուհի Մարինէ Յակոբեան եւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան։ Քննարկուած են սոյն թանգարանին մէջ հայկական ցուցանմուշներու առժամեայ ցուցադրութեան կազմակերպման, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան այլ ձեւաչափերու՝ փորձառութեան փոխանակումներու, մասնագիտական վերապատրաստումներու եւ գորգերու ցուցադրութեան առնչուող հարցեր։