Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակի յոբելեանին ընդառաջ ոգեկոչման ձեռնարկ՝ Փարիզի նշանաւոր Գոնտորսէ վարժարանին մէջ

Մայիս 21-ին, Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակի յոբելեանին ընդառաջ, Փարիզի նշանաւոր Գոնտորսէ երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը, նուիրուած մեծ արուեստագէտի յիշատակին։ Ներկայ էին դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, 9-րդի քաղաքապետ Տելֆին Պիւրքլի, վարժարանին տնօրէնը, ուսուցչական կազմն ու շարք մը դասարաններու աշակերտներ։ Վերջիններս մեծ ոգեւորութեամբ ներկայացուցին Ազնաւուրի կեանքն ու գործունէութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Անոնք ինկան» ստեղծագործութիւնը, հանդէս եկան երաժշտական եւ պարային կատարումներով։ 

Աւարտին՝ «Քեզի համար Հայաստան» (“Pour toi Arménie”) երգի ելեւէջներու ներքոյ՝ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու անմեղ զոհերուն ի յիշատակ դպրոցի բակին մէջ տնկուած ձիթենիի հողին աշակերտները աւելցուցին Հայաստանէն բերուած հող, իսկ դեսպանն ու քաղաքապետը ջրեցին ձիթենին՝ իբրեւ վերածնունդի եւ կեանքի խորհրդանիշ։  

Տիկին Տոլմաջեան երախտագիտութիւն յայտնեց դպրոցի տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն՝ այս յուզիչ արարողութեան եւ գեղեցիկ կատարումներուն համար։