Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Պատարագ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն՝ Մայր տաճարին մէջ

Յունուար 6-ին, Փարիզի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարին մէջ Սուրբ Ծննդեան և Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, թեմի առաջնորդ Հայր Գրիգոր Վարդապետ Խաչատրեանի հանդիսապետութեամբ մատուցուած է Սուրբ պատարագ և այնուհետեւ տեղի ունեցած է Ջրօրհնէքի արարողութիւն։ 

Հոգեւոր արարողութեան ներկայ եղած են Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմը, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Ֆրանսահայոց թեմի բազմաթիւ հաւատացեալներ։