Նոյեմբեր 9-ին, Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետին եւ Ֆրանսայի նախագահին հանդիպումը։
Էմանիւէլ Մաքրոն նախ իր ցաւակցութիւնները յայտնած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեանի մահուան կապակցութեամբ եւ անգամ մը եւս շեշտած Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին՝ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ։
Կողմերը քննարկած են Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին առնչուող հարցեր։ Այդ շրջածիրին մէջ ընդգծուած է Կրանատայի քառակողմ յայտարարութեան մէջ տեղ գտած սկզբունքներու կարեւորութիւնը:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները անդրադարձած են Արցախի մէջ Ազերպայճանի կողմէ գործադրուած ցեղային զտման քաղաքականութեան հետեւանքով 100 հազարէ աւելի բռնի տեղահանուածներու մարդասիրական խնդիրներուն եւ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերուն, շեշտուած է այդ միջազգային հանրութեան օժանդակութեան կարեւորութիւնը:
Քննարկուած են նաեւ տնտեսութեան, ենթակառոյցներու զարգացման եւ այլ բնագաւառներու մէջ ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Նոյն իրիկունը, Նիկոլ Փաշինեան կնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, ներկայ եղած է Էմանիւէլ եւ Պրիժիթ Մաքրոնի կողմէ՝ «Փարիզի խաղաղութեան 6-րդ համաժողովի» մասնակից պետութիւններու, կառավարութիւններու և միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու ի պատիւ տրուած պաշտօնական ընթրիքին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։