Search
Close this search box.

Փոխնախարար Կոստանեան. «Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցը Հայաստանի ԱԳ նախարարութեան օրակարգին է» 

Յունուար 29-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) փոխնախարար Վահան Կոստանեան լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտարարած է, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցը մնայուն կերպով  Հայաստանի ԱԳ նախարարութեան օրակարգին է»:

«Այդ հարցը կ՚արծարծուի թէ՛ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր մարմինի, թէ՛ այլ համապատասխան գերատեսչութիւններու նիստերուն: Եթէ կը յիշէք, 2020 Դեկտեմբերին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդին կողմէ որոշում կայացուած էր փաստահաւաք առաքելութեան Լեռնային Ղարաբաղ գործուղման կապակցութեամբ՝ տեղւոյն վրայ դիտարկելու թէ ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուին մշակութային ժառանգութեան կոթողները։ Անկէ ի վեր շարունակաբար աշխատանք կը տարուի, որպէսզի առաքելութեան այցը տեղի ունենայ»,– ըսած է փոխնախարարը։

Պաքու կը հակադարձէ

Փոխնախարար Վահան Կոստանեանի վերոնշեալ տեսակէտները վրդովեցուցած են Պաքուն։

Յանձին «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք» կոչուող կազմակերպութեան՝ Պաքու յայտարարած է, թէ Կոստանեանի ըսածները կը վկայեն, թէ «Հայաստան կը շարունակէ սպառնալ Ազերպայճանի ինքնիշխանութեան»։

«Հայաստան պէտք չէ միջամտէ այլ ինքնիշխան երկիրներու ներքին գործերուն, ան պէտք է զբաղի իր հարցերով, եւ այս առումով պէտք է համաձայնութիւն տայ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութեան այցին՝ Հայաստան գտնուող ազերպայճանական ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան անմխիթար վիճակը հետաքննելու համար»,– նշած են Պաքուէն՝ փոխանակ փորձելու սրբագրել սեփական ցեղասպան քաղաքականութիւնը՝ կրկին անգամ մեղադրանքի սլաքները ուղղելով Հայաստանին։