Search
Close this search box.

Փողոցը յաղթեց տաճարին

2024 Մա­յիս 28-ին, Առա­ջին հան­րա­պետու­թեան հռչա­կման տօնին առ­թիւ, Հա­յաս­տա­նի արդէն տագ­նա­պալի ճա­կատա­գրին վրայ բարդուեցան տա­րօրի­նակ նոր դէպ­քե­ր։ Մէկ կող­մէն տա­րերա­յին աղէ­տի են­թարկուեցան Տա­ւու­շի եւ Լո­ռիի շրջան­նե­րը։ Տաս­նեակ տա­րինե­րէ ի վեր գե­տերու նման վա­րարումներ տե­ղի չէին ու­նե­ցած։ 18 կա­մուրջ քան­դուած, տաս­նեակ քի­լոմեթրե­րով պե­տական նո­րակա­ռոյց ճա­նապարհ­ներ, տու­ներ, պար­տէզներ, գո­մեր քա­րու­քանդ եղած են… Միւս կող­մէ, Տա­ւու­շի սահ­մա­նազա­տու­մի գոր­ծընթա­ցը կը շա­րու­նա­կուի Կի­րան­ցի քա­նի մը ըն­տա­նիք­նե­րու պատ­ճա­ռելով լուրջ ու­նեզրկու­թիւն, նոր տուն-տեղ ճա­րելու ստի­պողու­թիւն։ Ասոնց կող­քին անսպա­սելիօրէն Ռու­սաստա­նի հետ դի­ւանա­գիտա­կան տագ­նապ մը ծայր առաւ, որուն դես­պա­նը՝ Քո­փիր­քին, խորհրդակ­ցութեան համար ետ կան­չուեցաւ Մոս­կուա։ Պատ­ճա­ռը բա­ցէ ի բաց չէ յայ­տա­րարուած, սա­կայն պարզ է, որ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետին անդրա­դար­ձը Պելառուսի նախագահ Լու­քա­շեն­քո­յի Պա­քուի մէջ կա­տարած յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն, ան­հանգստա­ցու­ցած է Մոս­կուան։ Լու­քա­շեն­քօ Ալիեւի հետ հան­դիպման ըսած էր թէ «փի­լիսո­փայա­կան զրոյ­ցի ընթացքին նա­խատե­սած են որ Հա­յաս­տա­նի հետ պա­տերազ­մի պա­րագա­յին՝ Ազեր­պայճան կրնայ յաղ­թել Հա­յաս­տա­նին»։ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետը յայտնած է որ ինք գի­տէ գո­նէ եր­կու եր­կիր, որոնք հաս­տա­տապէս Հա­յաս­տա­նի վրայ Ազեր­պայճա­նի յար­ձա­կու­մը նա­խապատ­րաստած են, միաժա­մանակ ձե­ւաց­նե­լով թէ Հա­յաս­տա­նին կ՚օգ­նեն։ Եւ այս բո­լորին հետ կը շա­րու­նա­կուին «Տա­ւու­շը յա­նուն Հայ­րե­նիքի» շար­ժումի զա­ւեշ­տա­լի ցոյ­ցե­րը։ 

Վեր­ջա­պէս, Մա­յիս 26-ին Բագ­րատ արք.ի դի­մակը ին­կաւ, Սրբա­զանը Հայաստանի վար­չա­պետի թեկ­նա­ծու յայ­տա­րարուեցաւ Հան­րա­պետու­թեան հրա­պարա­կի ամ­պիոնէն։ Թեկ­նա­ծու մը, որ ըստ Սահ­մա­նադ­րութեան իրա­ւունք չու­նի Վար­չա­պետի պաշ­տօ­նը վարե­լու, որով­հե­տեւ երկքա­ղաքա­ցի է։ Քա­նիցս այս հար­ցը ար­ծարծուած է, սա­կայն հա­կառակ բո­լոր պնդումնե­րուն՝ Սրբա­զանը որո­շած է վար­չա­պետ դառ­նալ։ Բար­ձրաստի­ճան եկե­ղեցա­կանը դի­մած է Կա­թողի­կոսին որ սա­ռեց­նէ իր ծա­ռայու­թիւնը, քա­նի որ չի կրնար միաժա­մանակ եր­կու պաշ­տօն կա­տարել։ Մայր Աթո­ռը ար­ձա­գան­գած է, թէ Սրբա­զանին եպիս­կո­պոսա­կան կար­գը կը պահ­պա­նուի, բայց կը դադ­րե­ցուի անոր եկե­ղեցա­կան եւ վար­չա­կան ծա­ռայու­թիւնը։ Իսկ թէ այս ամբողջ կար­գադրու­թիւնը հա­կասահ­մա­նադ­րա­կա՞ն է, որո՞ւ հո­գը։ Իսկ թէ այս զա­ւեշ­տին կողմնա­կից է նաեւ Հա­յաս­տա­նի խորհրդա­րանա­կան ընդդի­մու­թի՞ւնը։ 

Երա­նի այսքա­նով վեր­ջա­նար զա­ւեշ­տը։ Հան­րա­պետու­թեան հրա­պարակի Մայիս 26-ի հա­ւաքը օրեր առաջ ծա­նու­ցուած էր իբ­րեւ ճա­կատագ­րա­կան դէպ­քե­րու օր, Փա­շինեանի կա­ռավա­րու­թեան տա­պալ­ման օր։ Սա­կայն, բո­լորին յայտնի էր որ դէպ­քե­րու բե­րու­մով Վար­չա­պետը մեկ­նած էր աղէ­տի գօ­տի, տու­ժածնե­րուն հան­դի­պելու եւ վնաս­նե­րուն ծա­նօթա­նալու։ Հա­կառակ հա­սարակ քաղաքացիին իսկ հա­սանե­լի այս տե­ղեկու­թեան, Հան­րա­պետու­թեան հրա­պարա­կէն Սրբա­զան-թեկ­նա­ծուն ցու­ցա­րար­նե­րը առաջ­նորդեց Վար­չա­պետին ամա­րանո­ցը, իբր թէ անոր հան­դի­պելու…

Եւ զա­ւեշ­տը շա­րու­նա­կուե­ցաւ Մա­յիս 28-ի տօ­նակա­տարու­թեան առ­թիւ, երբ 27-ի երե­կոյեան Բագ­րատ սրբա­զանի առաջ­նորդու­թեամբ շար­ժումը ու­ղե­ւորուեցաւ Սար­դա­րապատ իբր թէ ար­գի­լելու Մա­յիս 28-ին Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետին այ­ցը Սար­դա­րապատ, որ «վայ­րը զերծ կա­ցու­ցուի սրբապղծու­թե­նէ»։ Իսկ առա­ւօտուն Բագ­րատ սրբա­զան քիչ մը աճա­պարեց յայ­տա­րարե­լու, թէ Վար­չա­պետը պի­տի չգայ յար­գանքի տուրք մա­տու­ցե­լու, վախ­նա­լով «Տա­ւու­շը յա­նուն Հայ­րե­նիքի» շար­ժումի ներ­կա­յու­թե­նէն եւ եզ­րա­կացուց, թէ Վար­չա­պետին հա­մար ազ­գա­յին խորհրդան­իշե­րը անար­ժէք դար­ձած են։

Զա­ւեշ­­տը գա­­գաթ­­նա­­­կէտին հա­­սաւ երբ «Տա­­ւու­­շը յա­­նուն Հայ­­րե­­­նիքի» շար­­ժումը վե­­րափո­­խուե­­ցաւ «Սրբա­­զան պայ­­քար»-ի։ Պաշտպա­նելու Ար­­ցա­­­խի, Հա­­յաս­­տա­­­նի սահ­­մաննե՞րը, փրկե­լու Երու­­սա­­­ղէ՞մը, ազ­­գա­­­յին ար­­ժէքնե­՞րը,  ռազ­­մա­­­գերի­­նե՞րը։ Մոռ­­ցած են հայ­­կա­­­կան ասա­­ցուած­­քը՝ «Զէն քա­­ջաց՝ սահ­­մանք իւ­­րեանց»։ Սո­­վո­­րա­­կան քա­­ղա­­քա­­ցին պի­­տի ըսէր՝ Տէր Աս­տո­ւած, դուն մեզ փրկէ այս խեղ­­կա­­­տա­­կու­­թե­նէն, այս նո­րօրեայ Տոն Քի­­շոթէն որ «ստի դէմ պայ­քար» յայ­­տա­­­րարած է։ Իսկ երբ աւար­տէ Հա­յաս­­տա­նի վար­չա­պետին սու­տե­րը բռնե­լը, յե­տոյ չ՚ել­լէ ու­րիշ երկրի ղե­կա­­վար­նե­րուն ալ սու­տե­րը բռնե­լու՝ օրի­­նակ Փու­թի­նի, Պայ­տը­նի, կամ Պա­պի, կամ Վե­հափա­ռի… Այն ատեն է որ Հա­յաս­­տա­նի գլխուն իս­կա­կան մեծ փոր­­ձանքն­եր կը պայթին։      

Ժ.Չ. ■