Search
Close this search box.

Փորթուկալ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբ կը ստեղծուի

 

Փորթուկալի խորհրդարանի նորընտիր Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովը ընդունած է Փորթուկալ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբ ստեղծելու որոշում մը: Լուրը հաղորդած է Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութիւնը, նշելով որ՝ նման խումբեր բարեկամ երկիրներու խորհրդարաններու միջեւ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը խթանող օղակներ են։

Նշենք, թէ այս քայլը կը զուգադիպի երկու երկիրներու միջև դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին: