Search
Close this search box.

Փրկարարական ջոկատները յայտնաբերած են 11 զոհերու աճիւններ

 

Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ փրկարարական ջոկատները Սեպտեմբեր 27-ին Ասկերանի շրջանի Շոշ գիւղի շրջակայ տարածքին յայտնաբերած են ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած չորս զինուորի աճիւն, մէկ քաղաքացիի դի տարհանուած է Խաչմաչ գիւղի տարածքէն։

Չարեքտարի տարածքէն տարհանուած է չորս զինուորի աճիւն, Ճանկաթաղէն` երկու։ Աճիւնները փոխադրուած են Ստեփանակերտի դատաբժշկական փորձաքննութեան կեդրոնը։