Search
Close this search box.

Քաղաքապետ Աւինեանի որոշումով Հայկազ Ջոմարդեան պարգեւատրուած է ոսկէ մետալով

Շնորհուած շքանշանով ծագած վէճը

Ենթական՝ Եռաբլուրի մէջ ծնողները քաշքշելով ձերբակալած աղմկայարոյց գործի պարագլուխներէն է

Երեւանի քաղաքապետ  Տիգրան Աւինեանի որոշումով՝ ոսկէ մետալով պարգեւատուած է Երեւան քաղաքի վարչութեան յատուկ նշանակութեան գումարտակի հրամանատար, ոստիկանութեան փոխգնդապետ Հայկազ Ջոմարդեան։

Աւինեանի որոշումին մէջ մասնաւորաբար նշուած է.

«Հասարակական կարգի պահպանութեան գործում ներդրած նշանակալի աւանդի եւ բարեխիղճ գործունէութեան համար փոխգնդապետ Հայկազ Ջոմարդեանը պարգեւատրել Երեւանի քաղաքապետի ոսկէ մետալով»։

Ըստ մամուլի մէջ հրապարակուած  տեղեկութիւններու՝ անցեալ տարի Սեպտեմբեր 21-ին մեծարեալին հրամանով Եռաբլուրէն քաշքշելով ձերբակալեցին նահատակ զինուորներու ծնողներ։

Նշենք, որ 2022 Սեպտեմբեր 21-ին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք,– երբ բռնութիւն գործադրուեցաւ նահատակուած զինուորներու ծնողներուն նկատմամբ,– քրէական գործ յարուցուեցաւ: Սակայն, ցարդ այդ քրէական գործի շրջանակին մէջ ոեւէ մէկը չէ պատժուած։

Այս կապակցութեամբ, Երեւանի աւագանիի (քաղաքապետական խորհուրդ) «Մայր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Սոնա Աղէկեան բացատրութիւն պահանջած է քաղաքապետէն.

«Խնդրում եմ եւ որպէս երեւանցի նաեւ պահանջում՝ հանդէս գալ պաշտօնական ծանուցումով, Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքում քաղաքացիներին հասանելի տարբերակով տեղադրել եւ տեղեկացնել երեւանցիներին, թէ որպէս Երեւանի քաղաքապետ՝ Հայկազ Ջոմարդեանին ոսկէ մեդալով պարգեւատրելու համար ի՞նչ հիմնաւոր պատճառներ ունէք։ Նա աչքի է ընկնում 44-օրեայ պատերազմում մեր հերոսածին ծնողների հանդէպ դրսեւորած առաւելագոյն ատելութեամբ, զաւակի շիրիմի մօտ աղիողորմ սգացող մօրը դաժանաբար ծեծի ենթարկելով, քարշ տալով ու ձերբակալելով։ 

Պահանջում եմ ներկայացնել ձեր հիմքերը, որոնցով յիշեալ վայրագութիւնների կատարածուն արժանացել է համայն հայութեան մայրաքաղաքի քաղաքապետի ոսկէ մեդալին»։