Մարտակերտի քաղաքապետ Միշա Գիւրջեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին հաղորդած է, թէ Արցախցիները ամբողոջութեամբ տարհանուած են նաեւ Մարտակերտէն։ Վերջին բնակիչները Սեպտեմբեր 24-ին դուրս եկած են այնտեղէն եւ արդէն հասած Ստեփանակերտ։
Ան ըսած է, որ խաղաղ բնակիչներու մէջ ունին անհետացածներ. «Ահագին մարդ կայ, որ չենք ճարել, ո՛չ հաշիւ ենք իմանում, ո՛չ կորած մարդ ենք իմանում»։
Գիւրջեան աւելցուցած է, թէ Մարտակերտի մէջ դիրքերը պաշտպանող 20-է աւելի զինուորներ զոհ գացած են։ Միւս կողմէ, ըստ քաղաքապետին՝ Ազերպայճանական լրասփիւռներու հրապարակած տեսանիւթերուն մէջ կ՚երեւի, թէ ինչպէս Ազերպայճանցիները Մարտակերտ քաղաքի ցուցանակին վրայ կ՚ամրացնեն իրենց երկրին դրօշը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։