Search
Close this search box.

Քիեւ կ՚աջակցի Պաքուին եւ կը դատապարտէ Արցախի նախագահական ընտրութիւնը

 

Ուքրաինայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Արցախի նախագահական ընտրութիւնը՝ աջակցութիւն յայտնելով Ազերպայճանի ինքնիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան։

«Կը դատապարտենք, Սեպտեմբեր 9-ին Ղարաբաղի տարածքին տեղի ունեցած այսպէս կոչուած՝ «նախագահական ընտրութիւնը», որ կը հակասէ միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն ու սկզբունքներուն»,– նշուած է Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։