Search
Close this search box.

Քննչական կոմիտէի շէնքին առջեւ ցոյց՝ ոստիկանական բռնութիւններու դէմ բողոքելու նպատակով

 

Յունիս 3-ի առաւոօտեան, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի աջակիցները համախմբուած են Քննչական կոմիտէի (ՔԿ) շէնքին առջեւ՝ ոստիկանական բռնութիւններու դէմ բողոքելու նպատակով։ Այնտեղ մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր կուտակուած են։

Ցուցարարները շղթաներով ու հայելիներով գործողութիւն իրականացուցած են՝ յաջակցութիւն իրենց ձերբակալուած ընկերներուն։ Անոնք նշած են, թէ հայելիներ բերած են որպէսզի ոստիկանները տեսնեն իրենց բռնութիւնները ու ամչնան։

Շարժումի անդամները պահանջած են որ ՔԿ-ի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան կամ քննչականէն ոեւէ ներկայացուցիչ շէնքէն վար իջնէ եւ գործադրուած բռնութիւններուն համար բացատրութիւն տայ քաղաքացիներուն։

“Արձանագրուած միջադէպերի հետ կապուած մեր ընդվզումն ենք արտայայտում՝ հասկանալու ՔԿ-ն միայն քաղաքացիների դէ՞մ է գործում, թէ՞ նաեւ այն ոստիկանների, որ քաղաքացիների հանդէպ բռնութիւն են իրականացնում”,– յայտնած է շարժումի առաջնորդ Բագրատ սրբազան։

Ի պատասխան ՔԿ-էն յայտնած են, թէ ոեւէ մէկը վար պիտի չիջնէ եւ ցուցարարներուն հետ պիտի չհանդիպի։ “Ընթացակարգ կայ, դիմում պիտի գրեն, դրա հիման վրայ հադիպում կը կազմակերպեն”,– ըսած են։

Աւելի ուշ, Մայիս 31-ին ձերբակալուած 27 քաղաքացիներ ազատ արձակուած են։ Իսկ Շարժումի աջակիցները ուղղուած են դէպի Ազգային ժողովի շէնք, ոստիկանական ուժերն ալ հոն տեղափոխուած են։