Search
Close this search box.

ՔՈՒԷՅԹ – Ռոժէ Գասպարեանի լուսանկարներու ցուցահանդէս՝ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով

Քուէյթի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Գլեր Լը Ֆլեշէ «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին գրած է.

«Պատիւն ունեցայ «CAP Kuweit»-ի մէջ բացումը կատարելու Ռոժէ Գասպարեանի լուսանկարներու շատ գեղեցիկ ցուցահանդէսին՝ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակի յոբելինական նշումներու շրջանակին մէջ։ Շնորհակալութիւն Քուէյթի Մշակոյթի, արուեստի եւ գրականութեան ազգային խորհուրդին, Քուէյթի Ֆրանսական հիմնարկին ու Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան՝ այս սրտառուչ ցուցահանդէսին համար։ Կեցցե՛ն»: