Search
Close this search box.

«Քո տունը Հայաստանում է» – Ամերիաբանկ կ՚առաջարկէ գրաւով վարկեր Սփիւռքի համար

 

Հայաստանեան Ամերիաբանկը կ՚առաջարկէ գրաւով (հիփոթեքային) վարկ սփիւռքահայերուն համար։ 

Այն սփիւռքահայերը, որոնք կը փափաքին անշարժ գոյք գնել Հայաստանի մէջ, կամ հոն իրենց արդէն ունեցածը վերանորոգել, կառուցապատել եւ այլն, կրնան առցանց դիմել Ամերիաբանկին՝ անկախ իրենց բնակած կամ տուեալ պահուն գտնուած երկրէն։

Դիմումի ընդունման համար էական չեն Հայաստանի մէջ արյանագրուած եկամուտի աղբիւրը, ինչպէս նաեւ՝ մնայուն բնակութեան վայրը։ Որպէս եկամուտի աղբիւր նկատի կ՚առնուի յաճախորդին` այլ երկրի մէջ ունեցած եկամուտները: Ընդգծենք, որ վարկը կը հաստատուի առանց տրամադրման եւ սպասարկման վճարումի։

Գրաւով վարկը կրնայ տրամադրուիլ հայաստանեան դրամով, ամերիկեան տոլարով կամ եւրոյով, 60-էն մինչեւ 360 ամիս պայմանաժամով: Վարկի տրամադրման պայմաններն ու միւս մանրամասնութիւնները` Ամերիաբանկի կայքէջին վրայ, հետեւեալ կապով՝ https://ameriabank.am/campaigns/mortgage-loan-for-diaspora?utm_source=media&utm_medium=cpc&utm_campaign=mortgage-loan-for-diaspora

Առաջարկէն օգտուելու համար անհրաժեշտ է Ամերիաբանկի կայքին վրայ լրացնել համապատասխան դիմումը («յայտ»-ը), որմէ յետոյ Դրամատան աշխատակից մը կապ կը հաստատէ՝ քննարկելու համար վարկաւորման պայմանները։

Ամերիաբանկը կը վերահսկուի Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ: