Search
Close this search box.

Օգոստոս 30-էն Արցախ-Հայաստան հաղորդակցութիւնը  կ՚իրականացուի  նոր երթուղիով

 

Օգոստոս 29-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի յաջորդական նիստը։ Քննարկուած են Արցախը Հայաստանին կապող նոր երթուղիի շահագործման վերաբերող հարցեր։

«Նիստի ընթացքին Անվտանգութեան խորհուրդը որոշում կայացուցած է Օգոստոս 30 ժամը 20-էն Հայաստանի հետ հաղորդակցութիւնն իրականացնել նոր երթուղիով՝ Շուշիի շրջանի Բերդաձորի ենթաշրջանի տարածքով»,– նշուած է այս առթիւ հրապարակուած  հաղորդագրութեան մէջ։

Նիստի մասնակիցները իրենց ելոյթներուն մէջ ընդգծած են նոր ճանապարհի անվտանգութեան հարցերու եւ քաղաքաշինական չափանիշերու հետ կապուած անհրաժեշտ երաշխիքներու ապահովումը, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ պետական համապատասխան կառոյցներու եւ Արցախի մէջ հաստատուած ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Արցախի նախագահի աշխատակազմէն տեղեկացուցած են, որ երթուղին՝ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին առժամաբար կապող շուրջ 4,7 քմ. ճանապարհի կպրաապատման աշխատանքները աւարտած են: Նշուած է, որ նոր երթուղին կը պահպանէ միջանցքային տրամաբանութիւնը: