Search
Close this search box.

ՖԻՆԼԱՆՏԱ – Հելսինքի – Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած համերգ

Ապրիլ 28-ին, Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի «Q-Theater»-ի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Հայ-ֆինլանտական «Լոյս/Valo» (Armenian-Finnish musical band) երաժշտական խումբի համերգ-ներկայացումը՝ նուիրուած Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին։

Համերգին հնչած են Ազնաւուրի հանրածանօթ ստեղծագործութիւնները, որոնք իւրայատուկ բեմականացման եւ ձեւաւորման շնորհիւ հանդիսատեսը պարուրած են ազնաւուրեան երաժշտութեան լոյսի, թախիծի եւ սիրոյ ոգեղէն ներուժով: