Search
Close this search box.

Ֆրանսայի խորհրդարանական պատուիրակութեան հանդիպումը Հայաստանի Ազգային ժողովի ներկայացուցիչներուն հետ

Փետրուար 23-ին, Ֆրանսայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելած է Հայաստանի ազգային ժողով եւ ընդունուած փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Պաշտպանութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան, Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբին անդամները` ղեկավար Վլադիմիր Վարդանեանի գլխաւորութեամբ:

“Տարիներու երկայնքին ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւնները զարգացած են եւ այդ գործին մէջ մեծ դեր ունեցած է ֆրանսահայ համայնքը”,– նշած է Ռուբինեան՝ ողջունելով պատուիրակութեան անդամները։ Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական խորհրդարանի (ԵԽ) երեսփոխան Նաթալի Լուազոյին՝ միշտ Հայաստանի կողքին ըլլալուն եւ աջակցելուն համար։

Իր կարգին Տիկին Լուազօ յայտնած է, թէ Հայաստան իր իւրայատուկ տեղն ունի ֆրանսական քաղաքական կեանքին մէջ՝ ընդգծելով, թէ ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւնները առանձնայատուկ են եւ Ֆրանսա պիտի շարունակէ օժանդակել Հայաստանի խաղաղութեան հաստատման  ջանքերուն:

Խորհրդարանականները անդրադարձած են նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն անհրաժեշտ կարիքներու հոգածութեան ուղղուած  ծրագրերուն։