Search
Close this search box.

Ֆրանսացի երեսփոխան Ժան-Լուի Պուռլանժի  գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր

 

Սեպտեմբեր 14-ին, Ֆրանսայի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Լուի Պուռլանժի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Հայաստանի իր պաշտօնակից Սարգիս Խանդանեանի եւ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի ուղեկցութեամբ:

Հիւրերը դիմաւորած եւ յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը ներկայացուցած է թանգարանային աշխատանքները համադրող Լուսինէ Աբրահամեան: Ան անդրադարձած է նաեւ անցեալ դարավերջին Ազերպայճանի Սումկայիթ, Կիրովապատ (Գանձակ), Պաքու քաղաքներուն մէջ ազերպայճանական վարչախումբին կողմէ կազմակերպուած կոտորածներուն զոհ գացած Հայերու յիշատակին Ծիծեռնակաբերդի տարածքին տեղադրուած երեք խաչքարերու եւ Արցախեան գոյամարտի տարիներուն յուշապատի դիմացը յուղարկաւորուած հինգ ազատամարտիկներու պատմութիւններուն՝ շեշտելով կապը տեղի ունեցածին եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ:

Ֆրանսացի երեսփոխանը ծաղկեպսակ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին։ Այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ զետեղած են անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:

Հիւրերը այցելած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը եւ ծանօթացած մնայուն եւ առժամեայ ցուցադրութիւններուն։ Պարոն Պուռլանժ գրառում կատարած է յուշամատեանին մէջ: Լուսինէ Աբրահամեան ֆրանսացի պատուիրակներուն նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող հրատարակութիւններ: