Քէ տ՚Օրսէ 2024 Մարտ 8 թուակիր յայտարարութեամբ մը Ֆրանսայի խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ «ի տես Ազերպայճանի մէջ ձերբակալութիւններու վերջին ալիքին, որ կրկին թիրախաւորեց քաղաքացիական հասարակութեան եւ անկախ լրատու միջոցներու ձայները»:
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի նաեւ. «Մենք կոչ կ՚ընենք Ազերպայճանին յարգելու հիմնական ազատութիւնները, մասնաւորապէս խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը՝ համաձայն իր միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ ազատ արձակելու կամայականօրէն ձերբակալուածները։
Կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան այս միջազգային օրը մենք կ՚ողջունենք ազերպայճանցի անկախ կին լրագրողներու դերն ու խիզախութիւնը»։
Պաքու անմիջապէս հակազդած է այս յայտարարութեան։ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած պատասխանին մէջ կ՚ըսուի.
«Մենք կտրականապէս կը մերժենք Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան Մարտ 8-ի յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ Ազերպայճանի մէջ թիրախաւորուած են խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը եւ երկրին մէջ կատարուած են անհիմն ձերբակալութիւններ։
Նման անհիմն եւ կողմնակալ յայտարարութիւնները կը համարուին միջամտութիւն՝ Ազերպայճանի ներքին գործերուն, քննչական գործընթացին եւ դատական համակարգի անկախութեան։
Ֆրանսա, որ կոպտօրէն կը խախտէ մարդկային իրաւունքները, կը սպանէ ցուցարարներ խռովութիւններու ընթացքին, որու (Ֆրանսայի – «ՆՅ») օրէնսդիր կառոյցներուն մէջ արձանագրուած են կաշառակերութեան եւ եղծանման, իսլամատեացութեան եւ մահմետականներու դէմ յարձակումներու բազմաթիւ դէպքեր, եւ որ ոչ մէկ քայլի կը ձեռնարկէ մարդկային իրաւանց ոտնահարման դէմ, չունի բարոյական իրաւունքը Ազերպայճանին դասեր տալու։
Ազերպայճանի մէջ հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ինչպէս նաեւ լրատու միջոցներու ազատութիւնը լիովին երաշխաւորուած են։ Անգամ մը եւս կը պահանջենք, որ Ֆրանսական կողմը չմիջամտէ Ազերպայճանի ներքին գործերուն»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։